ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Օփերայի յայտնի մեներգչուհի սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսով մը իր արուեստի համակիրներու դատին յանձնեց նոյնաժամանակ երեք ձայնասկաւառակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ամբողջ ստեղծագործական կեանքի մը փոքրիկ մէկ մասն է՝ հանրագումարի բերուած երեք ձայնասկաւառակի մէջ, ուր Արաքս Մանսուրեան լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինքը»։
Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։ «Այսօր մենք վկան ու մասնակիցն ենք շատ գեղեցիկ ծրագրի մը, որ կը կոչուի Մանսուրեանական արուեստ։ Այս պահուն է, որ հասկնալի է, թէ որքան մեծ է հայկական ծինը, որ փոխանցուած է մինչեւ Շուշան։ Արաքսը միշտ մեզի հետ է՝ աշխարհի որ ծայրին ալ ապրի։ Ուր ալ ըլլայ՝ ան կը ներկայացնէ հայն ու Հայաստանը։ Ես կը խոնարհիմ անոր առջեւ, իր արուեստին առջեւ», ըսաւ Յակոբեան։
Այս երեք ձայնասկաւառակները թողարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի աջակցութեամբ։ Առաջին ձայնասկաւառակը հոգեւոր երգերու հաւաքածու մըն է։ Երկրորդին մէջ ներկայացուած են Տիգրան Մանսուրեանի եւ Արաքս Մանսուրեանի՝ եղբօր ու քրոջ համատեղ աշխատանքները։ Երրորդին մէջ ամփոփուած են Արաքս Մանսուրեանի գործերը։