ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՄԵԾ ՈՒԺ Է
Անկախ Հայաստանի առաջին նախագահին ամենայայտնի արտայայտութիւններէն մին էր, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ դասաւորում մըն է: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը եւս իր պաշտօնավարման արշալոյսին նոյնպիսի միտք մը արտայայտած էր՝ քիչ մը այլ ձեւակերպմամբ, թէ ինքը որեւէ «իզմ» չ՚ընդունիր: Պարզ է, որ «իզմ» ըսելով՝ նկատի ունի որեւէ քաղաքական կամ ազգային գաղափարախօսութիւն:
Տէր-Պետրոսեանի դիրքորոշման երեք հաւանական պատճառ կարելի է նշել: Նախ՝ առաջին նախագահը Խորհրդային Միութիւնը փլուզած ազատական հոսանքի ներկայացուցիչներէն էր, իսկ Խորհրդային Միութեան մէջ ազատականները կը համարէին, որ համայնավարութեան պարտութեան հետ աւարտած է գաղափարախօսութիւններու դարաշրջանը: Ազատական-ժողովրդավարութիւնը, ըստ իրենց, վերջնականապէս ու մէկընդմիշտ յաղթանակած է ամբողջ աշխարհի մէջ եւ որեւէ այլ գաղափարախօսութիւն կը տանի իշխանավարութեան (օթորիթարիզմ) ու ամբողջատիրութեան (թոթալիթարիզմ): Սա աշխարհի վրայ տիրող համոզումն էր կամ ժամանակի «մենթալ թրենտ»ը:
Երկրորդ հաւանական պատճառն էր, որ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած կուսակցութեան՝ ՀՀՇ-ի (Հայոց համազգային շարժում) հիմնական հակառակորդը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր, որու գաղափարախօսութեան հենքը ազգայնականութիւնն ու պահանջատիրութիւնն էր, այդ պատճառով ինք ո՛չ միայն պիտի հերքէր նման մտածելակերպը, այլեւ պիտի հակադրուէր անոր: Սա ներքին քաղաքական պայքարի տրամաբանութեան մէջ էր:
Երրորդ պատճառը արտաքին քաղաքական իրադրութիւնն էր: Հայաստանի դաշնակիցը ազատական Արեւմուտքն էր, նաեւ Ելցինի Ռուսաստանը: Այս վերջնոյն հիմնական մրցակիցներն էին Համայնավար կուսակցութեան մնացորդներն ու ազգայնական-զինուորականները: Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս Հայաստանի մէջ, սա նոյնպէս ներքին քաղաքական պայքարի տրամաբանութիւնն էր, իսկ այդ պայքարը շատ բուռն ու կոշտ կ՚ընթանար: Բնական է, որ ան արտաքին «դաշնակիցներու» հետ պէտք է գործէր նոյն դաշտին մէջ:
Գործող վարչախումբի պարագլուխը՝ խօսելով «իզմ»երու մասին, նկատի ունէր, որ Հայաստանի մէջ արդէն յաղթած է «ժողովրդավարութիւնը», ինքը «թաւշեայ» յեղափոխութիւն իրականացուցած է եւ «ժողովրդավարական» Արեւմուտքը պէտք է, ի դէմս իրեն, սատարէր Հայաստանին եւ որեւէ գաղափարաբանութիւն կրնայ դիտարկուիլ՝ որպէս իշխանավարութեան դրսեւորում: Առաւել եւս, որ հաւաքական Արեւմուտքը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, յայտարարած է «ժողովրդավարական ճակատ» ընդդէմ իշխանավարութեան ու Հայաստանը եւս հրաւիրած էր ժողովրդավարներու համաշխարհային ֆորումին:
Այսպէսով, Հայաստանի մէջ գաղափարախօսական պայքար (թէկուզ առանց «իզմ»երու) կը տանի միայն ՔՊ-ն («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը)՝ իր կեղծ ազատական եւ ապազգային արբանեակներով հանդերձ։ Ճիշդ է՝ պարզունակ, հակապետական, հակազգային, բայց, այնուամենայնիւ, կը փորձեն իրենց իշխանութեան համար քաղաքական մտածողութեան մը հենքը ձեւաւորել: Ընդդիմադիր թեւին մէջ նոյնիսկ նման մտածողութիւն չկայ։ Սոսկ «հողատու», «դաւաճան», «անձնտուր», «տգէտ», «հոգեկան» թեզերու վրայ կը փորձեն հանրութեան շրջանին մէջ յոյզեր ստեղծել: Տպաւորութիւն է, թէ գաղափարախօսութիւններու կեղծ ըլլալը եւ «իզմ»երէ զերծ մնալը աւելի շատ ընդդիմադիր իսկ կուսակցութիւններուն ու շարժումներուն բնորոշ է:
Քաղաքական պայքարը մտքի, գաղափարի պայքար է, որու կարիքը առաջին հերթին ունին այն ուժերը, որոնք ինքզինքնին գործող իշխանութեան այլընտրանքը կը ներկայացնեն: Գաղափարը ինքնին մեծ ուժ է, որու հիման վրայ կրնան համախոհները միաւորուիլ, ստեղծել համապատասխան ծրագրահենք եւ անոր շուրջ համախմբել, ոտքի հանել հանրութիւնը:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի