ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ դարձեալ գարնանային մթնոլորտ մը ձեւաւորուած է։ Թէեւ կողմերու օրակարգին վրայ չեն պակսիր խնդիրները, սակայն զանոնք երկխօսութեան ճամբով լուծելու ուղղեալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ վերահաստատուած քաղաքական կամքը ներկայիս կը պայմանաւորէ դրական սպասումներ։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պետական բարձր արարողակարգով դիմաւորեց հարեւան երկրի ղեկավարը։ Առանձնազրոյցէ վերջ Էրտողան եւ Միցոթաքիս հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով մը։ Նախագահը շեշտեց, որ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ անլուծելի խնդիր մը գոյութիւն չունի եւ համագործակցութեան յոյսերը կ՚աւելնան։ Էրտողան նշեց, որ անկեղծ զրոյց մը տեղի ունեցած է Միցոթաքիսի հետ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ մեր յարաբերութիւններու դրական կլիման նպաստէ նաեւ մեր ցեղակիցներու իրաւունքներուն», ըսաւ նախագահը։
Իր կարգին, Միցոթաքիսն ալ շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Յունաստան կը սկսին քաղել իրարու հետ մերձեցման պտուղները։ Ան մատնանշեց, որ ներդրումները աւելցած են, տնտեսական համագործակցութիւնը ընդլայնուած է եւ ապօրինի գաղթի դէմ պայքարը կու տայ դրական արդիւնքներ։ Հիւր վարչապետին խօսքով՝ Աթէնք աշխատանք կը տանի, որպէսզի Անգարա կարողանայ օգտուիլ Եւրոմիութեան ֆոնտերէն։
Ի լրումն այս բոլորին, տեղական մամուլը կը գրէ, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ փոխադարձ ըմբռնումը կը գոյանայ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ։