ՆԵՐԱՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի եռեւեփը կը շարունակուի։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը կ՚արտայայտէ յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ կուտակուած մտահոգութիւնները, ինչ որ կը պայմանաւորէ նոր խմորումները, նոր սպասումները։ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած այս շարժումը կը ջանայ ուղղորդել հասարակական բողոքի ալիքը։ Ընդդիմադիր շարժումը կը ձգտի հետեւողականութիւն ապահովել իր պայքարին համար։ Սա, ըստ երեւոյթին, առաջին հերթին կը ստեղծէ աւելի ներառական դառնալու անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայ ջանքերը կը կեդրոնանան այս նպատակին վրայ։
Ըստ վերջին լուրերուն, Երեւանի կեդրոնին քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը այս առաւօտ եւս թափով շարունակուեցան։ Երէկուան ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած ցուցարարները աւելի ուշ արդէն ազատ արձակուած են։ Յամենայնդէպս, իրաւապահ մարմինները այս առաւօտ եւս բուռն ձեւով միջամտեցին ցուցարարներուն։
Բաց աստի, այս առաւօտ Երեւանի մէջ ոստիկանական մեքենայ մը հարուածեց՝ ցոյցերը լուսաբանող լրագրող մը, որ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։ Զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ այդ ոստիկանական ինքնաշարժը դիտումնաւոր քշուած է լրագրողին վրայ։
Մինչ այդ, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան այս առաւօտ այցելեց Երեւանի պետական համալսարան։