«ԿԱԶՓՐՈՄ»ԷՆ ԱՌԱՋԱՐԿ
Ռուսաստանի «Կազփրոմ» ընկերութիւնը վերջերս առաջարկներ ներկայացուցած է՝ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու գաղափարին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալուի։ Սա միայն բնական կազով սահմանափակուած չէ, որովհետեւ երկու երկիրներու համագործակցութեամբ կառուցուած է նաեւ Աքքույուի հիւլէակայանը։ Այս ամբողջին մէջ միջոցէ մը ի վեր կը հասուննայ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու գաղափարը։ Ռուսական լրատուամիջոցները վերջերս հաղորդեցին, որ «Կազփրոմ» ընկերութիւնը թրքական կողմին ներկայացուցած է կազային հանգոյց մը ստեղծելու վերաբերեալ իր հայեցակարգը, որուն մէջ ձեւակերպուած են անոր հաւանական գործունէութեան չափանիշներն ու սկզբունքները։
Ընկերութեան տարեկան զեկոյցին մէջ արձանագրուած է, որ անցեալ տարուան հոկտեմբերէն ի վեր «Կազփրոմ» թուրք գործընկերներուն հետ կ՚աշխատի՝ Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց մը ստեղծելու հարցին շուրջ։
Հարկ է նշել, որ այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ արտայայտուած են նաեւ երկու երկիրներու նախագահները՝ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին։