ԱՆԶԻՋՈՒՄ ԵՒ ՅԱՄԱՌ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է ամէն պահ բանալ Շուշիի իր հիւպատոսարանը՝ երբ որ Ատրպէյճան փափաքի։ Էրտողան, որ վերընտրուելէ վերջ ձեռնարկած է իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան, երէկ, Պաքուի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Բացի երկու ղեկավարներու կողմէ ծաւալուած քննարկումներէն, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած այս շփումները առիթ դարձան, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան վերարտայայտեն իրենց անզիջում եւ յամառ դիրքորոշումը Հայաստանի դէմ, որ աքցանի մէջ կը մնայ՝ գոյաբանական մարտահրաւէրներով հանդերձ։ Արդարեւ, երկու նախագահներն ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձան Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին։
Պաքուի մէջ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Շուշիի մէջ հաստատել իր աւագ հիւպատոսութիւնը։ «Եթէ կարելի ըլլայ բանալ մեր հիւպատոսարանը, ապա սա Հայաստանի գլխաւորութեամբ, առանձնայատուկ պատգամ մը պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհին ուղղեալ», ըսաւ Էրտողան։ Մեկնաբաններու կարծիքով, թրքական կողմը այս փուլին հիմնական երեք իմաստ կը վերագրէ Շուշիի մէջ հիւպատոսարանի մը բացման։ Առաջին՝ Թուրքիա կը հաստատէ, թէ այդտեղ Ատրպէյճանի տարածքն է։ Երկրորդ՝ Անգարա կը մատնանշէ, որ քաղաքականութեան առընթեր, տնտեսական առումով ալ կարեւորութիւն կը վերագրէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Երրորդ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի փութով ստորագրումը պիտի դիւրացնէ նաեւ Ղարաբաղի բնակիչ հայերուն կեանքը։
Էրտողան Պաքուի յայտարարութիւններուն մէջ ըսաւ. «Մասնաւորապէս կանգ առինք Զանգեզուրի պարագային վրայ, որ մեր ալ զգայնութեան առարկայ է։ Այս նիւթը, առաջ Աստուած, փութով հարթելու պարագային երկու կարեւոր ձեռքբերում պիտի ունենանք։ Թէ՛ ցամաքուղիի եւ թէ երկաթուղիի գծով պիտի առնուին քայլեր, որոնց շնորհիւ Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի կապերը շատ աւելի պիտի ամրանան։ Այդ կապերը առիթ պիտի դառնան նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Արդարեւ, ճանապարհը քաղաքակրթութիւնն է։ Եթէ ճանապարհ ունիք, ապա քաղաքակիրթ էք։ Եթէ ճանապարհ ունիք, ապա քաղաքակրթութեան հասած էք։ Եւ այս պահուն՝ մանաւանդ յետպատերազմեան շրջանին, Ատրպէյճանն ալ ենթակառուցուածքներու իմաստով առաւել զգայնութիւն կը ցուցաբերէ ճանապարհներուն համար»։
Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ նշեց, որ յառաջիկայ շրջանին Անգարա եւ Պաքու արտաքին քաղաքականութեան գծով հասարակաց ընթացքի պիտի հետեւին, ինչ որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տարածաշրջանին տեսակէտէ։
Նախագահ Էրտողան Պաքուի մէջ ալ յղումներ ըրաւ իր վերընտրութեան նախորդած՝ նախընտրական շրջանի կարգախօսին, որու առանցքն է «Թուրքիոյ դար»ը։ Ան Պաքուի մէջ յայտնեց, որ «Թուրքիոյ դար»ուն սկիզբը վերելք պիտի ապահովէ նաեւ ամբողջ թրքական աշխարհին համար։
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Միւս կողմէ, Էրտողանի Պաքու այցելութեան օրը Ատրպէյճանի բանակը նոր յարձակում մը կատարեց Հայաստանի վրայ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին Հայաստանի սահմանամերձ Երասխի վրայ, որ մօտ է Նախիջեւանին։