ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Միջազգային բեմահարթակի վրայ ՄԱԿ-ի համակարգը վերջին շրջանին հետզհետէ աւելի հրատապ ձեւով կը հարցաքննուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յղացած է առաջարկ մը, որ կը նախատեսէ էական փոփոխութիւններու ենթարկել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Պայտընի վարչակազմին ծրագիրը կ՚ենթադրէ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ ընդգրկել եւս 6 երկիր՝ առանց վեթոյի իրաւունքի։ Ըստ դիւանագիտական մեկնաբաններու, այստեղ խաղադրոյքները կը թուին մեծ ըլլալ, որովհետեւ Պայտընի վարչակազմը կը ձգտի ապահովել, որ ՄԱԿ մնայ հակամարտութիւններու կանխարգիլման առումով հիմնական միջոցը՝ նոյնիսկ եթէ կասկածներ կան այս կարելիութեան շուրջ։
ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտ արդէն կազմակերպութեան անդամ 193 երկիրներու դիւանագէտներուն հետ քննարկման ձեռնարկած է՝ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնման ծրագրին կապակցութեամբ։