ՆԱԹԻՆԿՀԸՄԻ ՄԷՋ ԱՀԱՒՈՐ ԴԷՊՔԵՐ

Անգլիոյ մէջ երէկ սարսափազդու դէպքերու շարան մը պատահեցաւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Այսպէս, իրերայաջորդ դէպքերը պատահեցան երկրի հիւսիսի Նաթինկհըմ քաղաքին մէջ, որ ունի 300 հազար բնակչութիւն։ Յարձակումներն ու ոճրագործութիւնները խուճապ յառաջացուցին քաղաքէն ներս։

Այսպէս, երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն, շուրջ 04.00-ին, տեղւոյն ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացաւ, թէ փողոցի մը մէջտեղը կար երկու դիակ։ Ոստիկանները տակաւին հազիւ նոր դէպքի վայր հասած էին, որ հարցաքննութեան ժամանակ չունեցած հասաւ ուրիշ ահազանգ մը, ըստ որու մէկուկէս քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուած էր նաեւ այր մարդու մը դիակը։ Յաջորդող վայրկեաններուն մինիպիւս մը փորձեց փողոցի մէջ երեք հոգի վրաերթի ենթարկել։ Ականատեսներու վկայութեամբ՝ ոստիկանական ազդանշաններով սկսած էր օրը եւ արդէն անոնք շարունակուած էին օրուան ողջ տեւողութեան։

Իսկոյն հարցաքննութեան ձեռնարկած ոստիկանութիւնը շրջափակեց քաղաքի կեդրոնը եւ երթեւեկութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուց հաւանական նոր դէպքերը կանխելու համար՝ ներառեալ հանրակառքերը։ Օրուան տեւողութեան առօրեան կանգ առաւ քաղաքին մէջ։

Անգլիոյ ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ դէպքերուն կապակցութեամբ կայ միակ կասկածեալ մը, որ 31-ամեայ ուսապարկով տղամարդ մըն է։ Թէեւ իր ինքնութիւնը չհրապարակուեցաւ, սակայն ան արդէն ձերբակալուեցաւ։ Իրաւապահ մարմինները ներկայիս ուսումնասիրութիւններ կ՚ընեն պարզելու համար ահաբեկչութեան հետ հաւանական առընչութիւնները։

Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքն ալ դէպքէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով զոհերու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց։ Ան յայտնեց, որ պատահածները շոքի պատճառ դարձած են։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2023