«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ոս­կէ ծի­րան» 12-րդ շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը ար­դէն սկսած է շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ա­ռա­ջին իսկ քայ­լա­փո­խին ստեղ­ծուած մի­ջա­վայ­րը ար­դէն ե­րաշ­խիք մը կը հա­մա­րուի փա­ռա­տօ­նի այս հանգ­րուա­նին եւս յա­ջո­ղու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Մինչ այդ, «Ոս­կէ ծի­րան»ի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ե­րե­կոյ­թէն օր մը վերջ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւ­րե­րուն հետ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընթ­րի­քի սե­ղա­նով մը մե­ծա­րեց Հա­յաս­տա­նէն եւ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն փա­ռա­տօ­նին մաս­նա­կից շար­ժան­կա­րի բնա­գա­ւա­ռի հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րը։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան ող­ջու­նեց հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը, նաեւ ա­նոնց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ար­դէն ա­ւան­դա­կան դարձած «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին։ Ան մատ­նան­շեց, որ այս փա­ռա­տօ­նին շնոր­հիւ հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին հայ հան­դի­սա­տե­սին։ Սերժ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, նուազ կա­րե­ւոր չէ նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ ա­մէն տա­րի այս փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Ե­րե­ւան փու­թա­ցած հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի լա­ւա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ կը ճանչ­նան Հա­յաս­տա­նը, կը ծա­նօ­թա­նան հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան։ Սերժ Սարգ­սեան յա­ջող ըն­թացք մաղ­թեց «Ոս­կէ ծի­րան» 12-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին հա­մար։ Ան փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւ­րե­րը ըն­դու­նեց իր կող­քին ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեանն ու «Ոս­կէ ծի­րան»ի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­նը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան զրու­ցեց նաեւ յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի­ներ՝ Օր­նել­լա Մու­թիի եւ Նաս­տա­սիա Քինս­քիի հետ, ո­րոնք այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւ­րե­րու շար­քին են։

«Ոս­կէ ծի­րան»ի այս տա­րուան ծրա­գի­րը սկսաւ ֆրան­սա­հայ բե­մադ­րիչ Ռո­պէր Կէ­տի­կեա­նի «Խենդ պատ­մու­թիւն» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեամբ՝ Ե­րե­ւա­նի «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին մէջ։ Կէ­տի­կեան կը նա­խա­տե­սէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այս ժա­պա­ւէ­նը ներ­կա­յաց­նել աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Նաս­տա­սիա Քինս­քի եւ Օր­նել­լա Մու­թի ար­ժա­նա­ցան «Փա­րա­ճա­նո­վեան» մրցա­նա­կին։ Մինչ այդ, նո­րոգ հան­գու­ցեալ ե­գիպ­տա­ցի դե­րա­սան Էօ­մէր Շե­րի­ֆի յի­շա­տակն ալ ո­գե­կո­չուե­ցաւ փա­ռա­տօ­նի բաց­ման։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Օր­նել­լա Մու­թի յայտ­նեց, թէ ա­ռա­ջար­կի մը պա­րա­գա­յին պատ­րաստ է հայ­կա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը մէջ նկա­րա­հա­նուե­լու։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ ա­մէն տե­ղէ ա­ւե­լի յու­զուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ «Ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ այս­քան չէի յու­զուած։ Այս­տեղ կայ խոր­հուրդ, դաս­տիա­րա­կու­թիւն, յար­գանք եւ սէր, զորս ցոյց տուիք ին­ծի նկատ­մամբ։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն», ը­սաւ Մու­թի եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ բո­լո­րը կը խօ­սին բո­լոր լե­զու­նե­րով։

Այս տարուան փառատօնին 105 երկիրներէ 1600 ժապաւէնի համար դիմում ներկայացուած է։ Ընտրուած է 200 ժապաւէն՝ չորս մրցութային եւ արտամրցութային ծրագրերուն համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015