ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄՏԵՐԻՄ

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար եւ վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ Յու­նիս 7-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին լոյ­սին տակ, հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն շրջագ­ծով մէկ­տե­ղուե­ցան եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու պաշ­տօ­նին կո­չուած Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ա­ռա­ջին փու­լին մէկ­տե­ղուե­ցաւ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ Սա խորհրդա­րա­նի մե­ծա­գոյն եր­կու խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն տե­սակ­ցու­թիւնն էր եւ ար­ժա­նա­ցաւ հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը կը շեշ­տեն, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս գոր­ծա­րար աշ­խար­հը այս հանգ­րուա­նին կողմ­նա­կից է ա­մուր հա­մա­խո­հու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման եւ այս ի­մաս­տով բաղ­ձա­լի կը հա­մա­րուի ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

ՃՀՓ­-ի կեդ­րո­նին մէջ եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ւեց 1 ժամ 40 վայր­կեան։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լուի կող­քին էին ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րէն Էօ­մէր Չե­լիք, Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ, Ճեւ­տէտ Եըլ­մազ, Այ­շէ Նուր Պահ­չէ­գա­բը­լը եւ Ա­լի Իհ­սան Արս­լան։ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի կող­քին էին ՃՀՓ­-ի յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րէն Ֆա­իք Էօզթ­րաք, Ա­քիֆ Համ­զա­չե­ւի, Հա­լուք Քոչ, Սե­լին Սա­յէք Պէօ­քէ եւ Ռա­սիմ Պէօ­լիւ­ճէք։ Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ը­սաւ, թէ զրոյ­ցը ան­ցած է ան­մի­ջա­կան ու բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ըստ ի­րեն, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ըն­ծա­յուած է վստա­հու­թեան կա­ռուց­ման վրայ։ Եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է հան­դիպ­ման շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար։ ՃՀՓ­-ի շրջա­նակ­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ սա սկզբնա­կան հան­դի­պում մըն էր եւ ա­ռան­ձին կէ­տե­րու շուրջ մաս­նա­ւոր քննար­կում­ներ չեն ծա­ւա­լուած։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն շփում­նե­րը պի­տի հա­մա­կար­գեն Էօ­մէր Չե­լիք եւ Հա­լուք Քոչ։ Տա­վու­տօղ­լու-Քը­լըչ­տա­րօղ­լու տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ Հա­լուք Քոչ ը­սաւ. «Աշ­խա­տան­քի մտադ­րու­թիւն, կամք ար­տա­յայ­տուե­ցաւ, որ­պէս­զի Թուր­քիա ա­մուր կա­ռա­վա­րա­կան դի­մա­գի­ծով մը կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել իր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ար­տա­քին կամ ներ­քին խնդիր­նե­րը»։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­սօր ալ կը մէկ­տե­ղուի ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մէջ։ Վաղն ալ նա­խա­տե­սուած է Տա­վու­տօղ­լուի տե­սակ­ցու­թիւ­նը ՀՏՓ­-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015