ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան վերջերս բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, իր այցելութեան օրերուն ան հիւրնկալուած էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։
Ռազմիկ Փանոսեան Երեւանի մէջ գտնուած օրերուն զրոյց մը ունեցաւ մեր աշխատակիցներէն Սագօ Արեանի հետ։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ իր վերջին այցելութեան դրդապատճառներուն ու մանաւանդ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ Հայաստանէ ներս յառաջ տարուած ընդհանուր աշխատանքին։ Սոյն ծրագրերու շարքին ան առանձնացուց լեզուական բնոյթ կրողները։
Ռազմիկ Փանոսեան Երեւանի մէջ շփումներ ունեցած է ԹՈՒՄՕ ստեղծագործ փորձագիտութիւններու կեդրոնէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, ԹՈՒՄՕ-ները վերջերս արդէն գրեթէ ցանցի մը վերածուած են Հայաստանի մէջ եւ անոնց ծաւալած գործունէութիւնը լայն արձագանգ կը ստեղծէ՝ իր արձանագրած յաջողութիւններուն բերումով։ ԹՈՒՄՕ-ներու ցանցը ստեղծուած է ամերիկահայ բարերար Սեմ Սիմոնեանի լուրջ ներդրումով։ Ան միեւնոյն ժամանակ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան անդամներէն մին է։ Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն ներս Ռազմիկ Փանոսեան տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ քննարկած է՝ արդիական միջոցներու ուժ տալով արեւմտահայերէնը համացանցի վրայ աւելի հասանելի դարձնելու կարելիութիւնները։ Այս ուղղութեամբ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին քննարկումներուն մասնակցութիւն բերած են նաեւ համացանցի բնագաւառի յառաջատար մասնագէտներ։
Երեւանի շփումներուն ընթացքին Ռազմիկ Փանոսեան քննարկած է նաեւ թարգմանական բնագաւառին վերաբերեալ խնդիրներ։ Փանոսեան համոզուած է թարգմանական գրականութեան կարեւորութեան ու համաշխարհային կարեւոր գործերու թարգմանութեան անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի որդեգրած հեռանկարներով՝ այլ լեզուներու կողքին, թարգմանութեան ծրագրերը պիտի ընդգրկեն նաեւ հայերէն եւ թրքերէն լեզուները։ Այսինքն, ընդհանուր ծրագիր մը պիտի ձեւաւորուի կարեւոր գործերու հայերէնէ թրքերէնի կամ թրքերէնէ հայերէնի թարգմանութեան համար։ Այս առանցքին շուրջ ալ Փանոսեանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ ծաւալուած են քննարկումներ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին հրաւէրով այս քննարկումներուն մասնակցած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն կարեւոր մտաւորականներ։
Հարկ է նշել, որ Ռազմիկ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուելուն զուգահեռ՝ վերջին տարիներուն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը աշխոյժ մասնակցութիւն բերել սկսած է հայ-թրքական երկխօսութեան եւ այս բնագաւառէն ներս հետզհետէ զգալի կը դառնան հիմնարկի ներկայութեան դրական արդիւնքները։ Այս աշխատանքները կատարելու զուգահեռ Ռազմիկ Փանոսեան կը կեդրոնանանայ նաեւ թրքահայ համայնքի առկայ կարիքներուն վրայ ու կը ջանայ յստակ ծրագրերու հիման վրայ, առողջ համագործակցութեան մը ձեւաչափին մէջ զօրակցիլ թրքահայութեան։