ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԿՐԹՕՃԱԽՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս Դիլիջանի մէջ կազմակերպեց կիրակնօրեայ կրթօճախներու ուսուցիչներու համաժողով մը։ Միեւնոյն ժամանակ վերապատրաստական ծրագրի մը բնոյթը կը կրէր այս մէկը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կազմակերպուած համաժողովը իրականացաւ «World Vision» միջազգային քրիստոնէական բարեգործական կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակին հետ համագործակցաբար։ Ներքին թեմերէն հարիւրքսան մանկավարժներ եւ համակարգող հոգեւորականներ մասնակցեցան աշխատանքներուն։
Համաժողովի բացման ելոյթներով հանդէս եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, «World Vision»ի Հայստանի մասնաճիւղի տնօրէն Ժիրայր Էդիլեան, երեսփոխան Կարինէ Աճէմեան եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Նարինէ Մնացականեան։
Համաժողովի առաջին օրը «Մարդկային յարաբերութիւնները ըստ Ս. Գրքի» նիւթին շուրջ բանախօսեց Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան։ Երկրորդ օրը «Ասէ Աստուած» նիւթին շուրջ բանախօսեց Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեան։ Երրորդ օրը հոգեբան Ինգա Յարութիւնեան մասնակիցներուն ներկայացուց երախաներու տարիքային զարգացման առանձնայատկութիւնները։ Չորրորդ օրը «Ինչ է Աստուածաբանութիւնը» նիւթին շուրջ բանախօսեց Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Նոյն օրը Տ. Սամուէլ Աբեղայ Մխիթարեան ներկայացուց Սրբալոյս Միւռոնի նշանակութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Համաժողովի վերջին օրը Դաւիթ Սրկ. Յովհաննիսեան բանախօսեց «Ս. Հաղորդութիւնը՝ քրիստոնեայի կատարելագործում» նիւթին շուրջ։
Ծրագրին մէջ նախատեսուած էին նաեւ Ս. Գրական ընթերցումներ։ Համաժողովի մասնակիցները ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուին Հաղարծինի վանական համալիրը, ուր կատարուեցաւ ժամերգութեան արարողութիւն մը։
Աշխատանքներու ամփոփման զուգահեռ հանդիսաւորապէս եզրափակուեցաւ համաժողովը, որու բոլոր մասնակիցները, արդէն աւանդական դարձած ձեւով, հանդէս եկան Հայրապետական Մաղթանքի երգեցողութեամբ՝ աղօթելով Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան եւ երկարամեայ արգասաբեր գահակալութեան համար։