ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻՆ ՄԷՋ

Յու­նաս­տա­նի ելմ­տա­կան ճգնա­ժա­մի վե­րա­բե­րեալ հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այս խնդրին շուրջ կազ­մա­կեր­պուած հան­րա­քուէէն վերջ, Յու­նաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ հա­մա­ձայ­նու­թեան եզր մը գտնել Եւ­րո­յի գօ­տիի եր­կիր­նե­րուն հետ։ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­հերթ գա­գա­թա­ժո­ղով մը նա­խա­տե­սուած էր Պրիւք­սէ­լի մէջ Յու­նաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն շուրջ, սա­կայն այդ մէ­կը յե­տաձ­գուե­ցաւ եւ փո­խա­րէ­նը Եւ­րո­յի գօ­տիի եր­կիր­նե­րուն ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ցիփ­րա­սի հետ։ Եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ կող­մե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցաւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը։ Ցիփ­րաս յայ­տա­րա­րեց, թէ յա­ջո­ղած են վե­րա­ձե­ւա­կեր­պել Յու­նաս­տա­նի պարտ­քը եւ օ­րա­կար­գէ դուրս մնա­ցած է երկ­րի Եւ­րո­յի գօ­տիէն դուրս գա­լու խնդի­րը։ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ յայտ­նեց, որ եր­կար ու բարդ ճա­նա­պարհ մը գո­յու­թիւն ու­նի ի­րենց առ­ջեւ։ Գեր­մա­նա­ցի վար­չա­պե­տը նշեց, թէ հի­մա հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րե­լու ժա­մա­նակն է։ Իր կար­գին, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտն ալ նշեց, թէ Յու­նաս­տան Եւ­րո­պա­յի բա­րե­կամ եր­կիր մըն է եւ ի­րենք հա­սած են պատ­մա­կան լու­ծու­մի մը։ Օ­լան­տի հա­մոզ­մամբ, Եւ­րո­յի գօ­տին պէտք է ամ­րապն­դուի ու մեծ­ցուի։ Օ­լանտ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շնոր­հա­ւո­րեց Ցիփ­րա­սը՝ հա­մար­ձակ նա­խընտ­րու­թեան հա­մար։ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րըն հա­մո­զուած է, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ըն­ձե­ռած է կա­յու­նու­թեան հա­մար։ Իսկ Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցիի կար­ծի­քով, հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ու բո­վան­դա­կա­լից քայլ մըն է։ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թուսք տե­ղե­կա­ցուց, թէ միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նուած է Յու­նաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ այն ծրա­գի­րը, որ կը նա­խա­տե­սէ լուրջ բա­րե­փո­խում­ներ եւ ելմ­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն։ Իր կար­գին Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Եուն­քէրն ալ ընդգ­ծեց, թէ Յու­նաս­տան դուրս պի­տի չմնայ Եւ­րո­յի գօ­տիէն ու ի­րենք գոհ են ի­րենց գտած լու­ծու­մէն։

Պրիւք­սէ­լի մէջ 15 ժամ տե­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլցն ալ ընդգ­ծեց, որ Եւ­րո­պա­յի ա­պա­գան կը գտնուի դժուա­րին ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015