«ՏԻՊ ՈՒ ՏԱՌ» ՆՈՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ԹԷՈԴԻԿԻ ՀԱՄԱՆՈՒՆ ՀԱՏՈՐԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ

Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը վերջերս յայտարարեց նոր կրթական ծրագրի մը սկիզբը։ «Տիպ ու տառ» կը կոչուի այս նոր նախագիծը։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին գործել սկսած է «Տիպ ու տառ» տառատպութեան արուեստանոցը, որու անունը ներշնչուած է պոլսահայ անմոռանալի բանասէր Թէոդիկի համանուն հատորէն ու ձօնուած՝ Թէոդիկի «Տիպ ու տառ»ի տպագրութեան 110-ամեակի յոբելեանին։ 

«Տիպ ու տառ» կրթական ծրագրի նպատակն է մասնակիցներուն ծանօթացնել հայկական տառարուեստի եւ տառատպութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից տառատեսակի ստեղծումը։ Կը նախատեսուի այս բոլորի կիրառումով խթանել մասնակիցներու հաւաքական ստեղծագործութիւնը։ Այս ծրագիրը մշակուած է ութ տարեկան եւ աւելի բարձր տարիքով մասնակիցներու եւ անոնց ընտանիքներու համար։ Մասնակցութիւնը անվճար է, արձանագրութիւնը պարտադիր։

Այս ծրագրի ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան «Առկախուած այգի. Դադիվանք եւ անդին» ցուցադրութեան՝ նախ «Սասունցի Դաւիթ» պարտէզի սրահին, ապա «Պատկերասրահ մէկ»ի մէջ։ Կրթական ծրագրի առանցքը կը կազմէ Մայտա Շաւաքի եւ Նայիրի Խաչատուրեանի «Աշնանացան» ժապաւէնը, որ կառուցուած է Անահիտ Հայրապետեանի՝ Արցախեան պատերազմի ընթացքին ստեղծուած բանաստեղծութեան շուրջ։

«Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի առաքելութիւնն է ժամանակակից արուեստի լաւագոյն նմոյշները ցուցադրել Հայաստանի մէջ եւ աշխարհին ներկայացնել հայ մշակոյթի լաւագոյնը։ 2009 թուականի նոյեմբերին հիմնուած այս կեդրոնը, առաքելութեան հաւատարիմ, կը կազմակերպէ զանազան ցուցահանդէսներ, կը ներկայացնէ արդի արուեստի իւրօրինակ գործեր, կ՚իրականացնէ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, համերգաշարեր, դասախօսութիւններ եւ կրթական ծրագրեր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022