ԹԵՔՆԻՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններուն ներքեւ միջազգային օրակարգի հիմնական մտահոգութիւններու շարքին է հացահատիկի նեղութեան հեռանկարը։ Ուքրայնայի մէջ կուտակուած միլիոնաւոր թոնով հացահատիկի միջազգային շուկայ տեղափոխման հարցը դարձած է ճակատագրային եւ լուծման ուղղութեամբ Թուրքիա յամառ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ միջազգային հանրութեան խրախուսանքով։
Հացահատիկի Սեւ ծովու միջոցաւ անվտանգ փոխադրութեան նպատակով գործադրուած ջանքերուն զուգահեռ արդէն ընդհանուր ծրագիր մը հասունցած է։ Ուքրայնայի նաւահանգիստներէն հացահատիկ տեղափոխելիք նաւերու Սեւ ծովէն անվտանգ ելքը ապահովելու համար բազմակողմանի աշխատանքներ կը տարուին՝ մինչ Անգարա անընդհատ կապի մէջ է Մոսկուայի եւ Քիեւի ղեկավարութիւններուն հետ։
Երէկ, Իսթանպուլի մէջ այս նիւթին վերաբերեալ տեղի ունեցան քառակողմ բանակցութիւններ, որոնց մասնակցեցան Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ուքրայնայի եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները։ Կը հաղորդուի, որ հացահատիկի ծովային միջանցք մը բանալու նպատակով հիմնական թեքնիք նիւթերու շուրջ ապահովուած է համաձայնութիւն։ Մէկուկէս ժամ տեւած են բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին որոշուած է, թէ Իսթանպուլի մէջ համակարգման կեդրոն մը պէտք է ստեղծուի։ Նաւահանգիստ ելք ու մուտքերու պարագային անհրաժեշտ համատեղ հակակշռման դրութեան կապակցութեամբ ալ համամիտ գտնուած են կողմերը։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ շաբաթ այս խնդրի լուծման ուղղեալ վերջնական ստորագրութիւնները կը դրուին։