ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն պաշտօնապէս սկիզբ առաւ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը, որու մեկնարկին առթիւ Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ՝ ասուլիսի ձեւաչափով ծաւալուն քննարկում մը։ «Ապագայ հայկականը» շարժումը նախաձեռնած է յայտնի գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մեկնարկի հաւաքոյթի ընթացքին Ռուբէն Վարդանեան յայտարարեց, որ յառաջ շարժուելու ամենաճիշդ ուղին համախմբումն է։ Ըստ իրեն, այս նոր նախաձեռնութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ միասնաբար աշխատելու, նոր լուծումներու ճանապարհներ քննարկելու եւ փոփոխութիւններ իրականացնելու։

Ըստ Վարդանեանի, այս նախաձեռնութիւնով կը փորձեն ցոյց տալ, որ հայ ազգը միայն Հայաստանի մէջ չ՚ապրիր, սփռուած է ամբողջ աշխարհով, իսկապէս կրնայ միաւորուիլ ու գտնել միասնական ու արդիւնաւէտ լուծումներ։ «Իսկապէս կարեւոր է, որ մենք կարողանանք օգտագործել մեր ամենաուժեղ կողմերը։ Մենք ունինք Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ փայլուն մարդիկ, որոնք պէտք է զգան, թէ միասին կրնանք փոխել մեր ապագան։ Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ յաջողութեան միակ ճանապարհը միասին աշխատելու, համագործակցելու ձեւն է։ Մենք ալ պէտք է գիտակցինք, որ յառաջ շարժուելու ամենաճիշդ ուղին համագործակցութիւնն է բոլոր օղակներու հետ։ Հայ ժողովուրդի մեծ մասը սովորութիւն ունի անցեալով ապրելու, յիշելու անցեալի տխուր կէտերը։ Բոլորը ապագայի նկատմամբ պէտք է ըլլան միայն լաւատես ու հասկնան, թէ այսօր միակ ճիշդ տարբերակն է ո՛չ թէ ետ, այլ յառաջ նայիլը», ըսաւ Վարդանեան։

Նոյն հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ «Աւրորա»ի համահիմնադիրներէն, ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Այս վերջինը առաջարկեց Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան նոր մոտելի մը իր տարբերակը։ Ան համոզուած է, թէ սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս յուսահատուելու իրաւունք չունի՝ հակառակ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ յառաջացած բարդութիւններուն։

«Ներկան կը պարտադրէ, որ բոլոր գործիչերը անվերջ ներկայի վրայ աշխատին։ Սփիւռքահայութիւնը կրնայ ապագայի վրայ աշխատիլ, որովհետեւ ներկայի վրայ այդքան ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ», ըսաւ Աֆէեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022