ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎԻՃԱԿԸ ՄԻՇՏ ՓԽՐՈՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն միշտ կը հասնին լարուածութեան լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն վերստին տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են սահմանի արեւմտեան հատուածէն ներս տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ։ Մինչ այդ, Երեւանէն յաճախ կը հերքուին Պաքուի ապատեղեկատուութիւնները, ըստ որոնց հայկական կողմը կը խախտէ հրադադարը։ Այս բաւական բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ նախընթաց օր երեկոյեան հայկական դիրքերուն վրայ կրակ բացուած է՝ երբ Ատրպէյճան պնդած է, որ հակառակը տեղի ունեցած է։ Ի վերջոյ, հայկական ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով Ատրպէյճանի զօրքերը կրակը դադրեցուցած են։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն Յունաստանի «Քաթիմերինի» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր հետեւեալը. «Երբ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Ուքրայնայի վրայ, Ատրպէյճան կրնայ ամէն պահ փորձել լայնածաւալ սադրանքի մը սկսիլ»։ Արարատ Միրզոյեան նոյն հարցազրոյցին մէջ մատնանշած է, որ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ փխրուն։ Ուստի, ան կարեւորեց միջազգային հանրութեան կողմէ արդիւնաւէտ քայլերու առնուիլը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022