ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ

Մինչ այս օրերուն Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, այս մթնոլորտին մէջ հայկական շարժանկարի ներկայ վիճակն ալ խոշորացոյցի տակ առնուած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յառաջիկային Երեւանի մէջ պիտի բացուի Նոր շարժանկարի միջազգային դպրոցը, որու նպատակն է պատրաստել բեմադրիչներ ու բեմագիրներ, որոնք օժտուած պիտի ըլլան այն գիտելիքներով ու հմտութիւններով՝ արդի շարժանկարի պահանջներուն համապատասխան։ Պատրաստուելիք մարդուժը զգայուն պիտի ըլլայ նաեւ արդի նիւթերու նկատմամբ, ինչ որ պիտի խթանէ «կենդանի» շարժանկարի մը ստեղծումը։

Սոյն ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Մոսկուայի Նոր շարժանկարի դպրոցի եւ «Ոսկէ ծիրան»ի համագործակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022