ՊԱՅՏԸՆԻ ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՅՑԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելք, որու առաջին փուլը կը հանդիսանայ Իսրայէլը։ Ան վերջին անգամ վեց տարի առաջ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահի հանգամանքով այցելած էր այդ երկիրը։ Թել Աւիւի «Պեն Կուրիոն» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Իսրայէլի նախագահ Եիցաք Հերցոքի եւ վարչապետ Եաիր Լափիտի կողմէ։
Ճօ Պայտըն Իսրայէլի յայտարարութիւններուն մէջ մասնաւորապէս շեշտադրեց Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ հանգամանքները։ Ան համոզուած է, թէ համաշխարհային համախոհութեան մը անհրաժեշտութիւնը կայ՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրը կասեցնելու համար։ Ան կրկնեց իր մտահոգութիւնները Իրանի հիւլէական զէնք ունենալու հեռանկարին կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ ԱՄՆ նոյնիսկ ուժ կրնայ օգտագործել այդ հաւանականութիւնը կանխելու համար։ Ան կրկնեց իր մտահոգութիւնները Իրանի հիւլէական զէնք ունենալու հեռանկարին կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ ԱՄՆ նոյնիսկ ուժ կրնայ օգտագործել այդ հաւանականութիւնը կանխելու համար։ Այցելութեան ընթացքին Պայտըն խնդրած է, որ Իսրայէլ աւելցնէ Ուքրայնայի ի նպաստ ռազմական օգնութիւնը։