ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՔԼԱԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան բարձր գնահատեց ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ջանքերը՝ տարածաշրջանէ ներս փոխըմբռնման ու կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Փաշինեան եւ Քլաար անդրադարձան տարածաշրջանի արդի գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ քայլերուն։ Մասնաւորապէս կարծիքներ փոխանակուեցան Ռուսաստանի եւ ԵՄ-ի միջնորդութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպումներու արդիւնքներուն ու գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման շուրջ։ Կարեւորուեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ միջազգային հանրութեան հետեւողական ուշադրութիւնը՝ հաշուի առնելով արդէն իսկ հայկական շարք մը կոթողներու ոչնչացման ուղղեալ քայլերը։ Փաշինեան եւ Քլաար կանգ առին նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վրայ։
Երեւանեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արմէն Գրիգորեան եւ Թոյվօ Քլաարն ալ քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ Պրիւքսելի մէջ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ Արմէն Գրիգորեան ԵՄ-ի միջնորդութեամբ մէկտեղուած էր Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։ Վերջին շրջանին հայկական կողմը տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճան կը մերժէ մասնակցիլ՝ այդ գործընթացին ի շարունակութիւն նախատեսուած հանդիպումներուն։ Յամենայնդէպս, հաւանական կը համարուի, որ յառաջիկային Պրիւքսելի մէջ շարունակուին Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմէթ Հաճիեւի հանդիպումները։