«ԻՄ ԵՐԹՍ ԵՐԿԱԹԻՆ ՀԵՏ»

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Սփիւռքահայ մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանի «Իմ երթս երկաթին հետ» արաբերէն գիրքը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած շնորհանդէսն ալ համահունչ էր այդ ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան։ Կիրակոս Գույումճեան, որ կ՚ապրի Քուէյթի մէջ, յայտնի բարերար մը եւ ազգային-հասարակական գործիչ մըն է։ Ան սփիւռքի մէջ կրթական ծրագրերու միջոցաւ կը խրախուսէ հայապահպանման ուղղեալ ջանքերը, որոնք կ՚արժանանան բարձր գնահատանքի։ Որպէս հրապարակագիր՝ սփիւռքահայ մամուլի միջեւ կարեւոր ներկայութիւն է Կիրակոս Գույումճեան, որ կ՚անդամակցի նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութեան։ 2013 թուականին հրատարակուած իր յօդուածներու ժողովածոյէն վերջ, ներկայիս «Իմ երթս երկաթին հետ» արաբերէն գործը կը հանդիսանայ իր երկրորդ գիրքը։

Հայաստանի Գրողներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ, Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկին մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսը համախմբեց գրասէրներու եւ հետաքրքիրներու ընտրանին։ Այսպէս, ձեռնարկին մասնակցեցան դիւանագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամներ, նաեւ Հայաստանէն կամ սփիւռքէն մտաւորական դէմքեր։

Յայտագրի տեւողութեան գիրքը ներկայացուց հրապարակագիր Տիգրան Գաբոյեան, որ միեւնոյն ատեն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակագիրներէն է։ Տիգրան Գաբոյեան, որ նոյնպէս կը տիրապետէ արաբերէնի, եղած է Կիրակոս Գույումճեանի գիրքին խմբագիրը։ Գործը հրատարակութեան պատրաստելու ժամանակ ան խտացեալ աշխատանք տարած է հեղինակին հետ ու շատ խղճմտանքով վերաբերուած՝ իրեն վստահուած պատասխանատուութեան նկատմամբ։ Ուստի, Տիգրան Գաբոյեան շնորհանդէսի ընթացքին անդրադարձաւ գիրքի արտադրութեան փուլերուն եւ Կիրակոս Գույումճեանի այս ծրագրին վերաբերեալ մտահորիզոններուն։ Տիգրան Գաբոյեանէն վերջ հեղինակի կեանքին ու գործունէութեան մասին արտայայտուեցաւ հրապարակագիր եւ հեռուստամեկնաբան Սագօ Արեան, որ նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն է։ Ան ծաւալուն ձեւով ներկայացուց Կիրակոս Գույումճեանի բազմակողմանի գործունէութիւնը եւ անոր կեանքին զանազան երեսակները, աշխատանքին զանազան առանցքները մեկնաբանեց՝ հայ իրականութեան ապահովուած նպաստներու տեսանկիւնէն։ Բաց աստի, հաւաքոյթի ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին սուրիահայ գրող Յակոբ Նալպանտ, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան, կառավարութեան առընթեր սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն Յովհաննէս Ալեքսանեան։

Ձեռնարկի տեւողութեան ներկայացուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի, հրապարակագիր Ահարոն Շխրտըմեանի եւ հրապարակագիր Կարպիս Մինասեանի տեսաուղերձները։ Բոլորն ալ այս առթիւ բարձր գնահատանքով արտայայտուած էին Կիրակոս Գույումճեանի հրապարակագրական վաստակին մասին։

Այս բոլորէն վերջ, շնորհանդէսի մասնակիցներուն առջեւ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Կիրակոս Գույումճեան, որ որպէս հեղինակ՝ արտայայտեց իր զգացումները եւ մտածումները։

Հուսկ, ներկաները արդէն համոզուած էին, թէ Կիրակոս Գույումճեանի այս արաբերէն գիրքին հայերէն թարգմանութիւնն ալ պէտք է անպայման հրատարակուի։ Հուսկ, հաւաքոյթին մասնակցած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Գաբրիէլ Վարդապետ Սարգսեան արտասանեց Պահպանիչ աղօթքը, օրհնեց հեղինակը եւ իրականացուց գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը։

Յայտագրի տեւողութեան երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան մեներգիչ Արամ Խաչատուրեան եւ թաւջութակահար Անդրանիկ Աղաճանեան։

Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին Կիրակոս Գույումճեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ձեռնարկի մասնակիցներուն կողմէ, որոնք իրենց համակրանքն ու յարգանքը արտայայտեցին իրեն նկատմամբ, իրենց արժեւորումները անոր նկատառման յանձնեցին գիրքին կապակցութեամբ։ Կիրակոս Գույումճեան ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտին մէջ մակագրեց իր գիրքերը ներկայ գրասէրներուն համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023