ԱՐԴԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ՈՐԱԿ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը պիտի նշանակէ «հայկական խաչմերուկ»ի իրականացում։
Արմէն Գրիգորեան, որ վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, կեցութեան օրերուն հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Ամերիկայի ձայն»ին։ Այս առթիւ ան մանրամասնութիւններ հրապարակեց ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչներուն հետ Ուաշինկթընի մէջ ունեցած հանդիպումներուն շուրջ։ Բացի Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընէն, Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սեմենթա Փաուէրի եւ Ազգային հետախուզութեան տնօրէնուհի Աւրիլ Հէյնսի հետ։
Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ուղղեալ բանակցութիւններուն՝ ան ըսաւ. «Բոլոր բանակցութիւնները զիրար կը լրացնեն։ Ամէն տեղ օրակարգը գրեթէ նոյնն է։ Տարածաշրջանէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներգրաւումը կը նպաստէ կայունութեան ապահովման։ Երեւան չափազանց բարձր կը գնահատէ Ուաշինկթընի ջանքերը՝ բանակցութիւնները յառաջ մղելու հարցին մէջ։ Ի հարկէ, կան խնդիրներ, որոնք տակաւին չեն լուծուած, բայց կրնամ յստակ ըսել, որ Երեւան հաստատակամ է խաղաղութեան օրակարգի հարցին մէջ ու հետաքրքրուած, որպէսզի հնարաւորինս արագ կայուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կարելիութիւն ստեղծուի։ Արդարեւ, տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը բնականաբար պիտի նպաստեն Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ այսպէսով պիտի պաշտպանուի նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Գրիգորեան խօսած է բանակցային գործընթացի առկայ բազմաթիւ խնդիրներուն շուրջ, որոնք լուծման կը կարօտին։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնացուց սահմաններու յստակեցման հարցը՝ 1975 թուականի նախկին Խորհրդային Միութեան ընդհանուր սպայակոյտի քարտէսի հիման վրայ։ Այս ուղղութեամբ տակաւին վերջնական համաձայնութիւն մը չկայ, բայց աշխատանքները կը շարունակուին։ Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ անհրաժեշտ է միջազգային դրութիւններու ստեղծումը, որպէսզի Ստեփանակերտն ու Պաքուն քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները։ Ան յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութիւնը աւելի մեծ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։ Գրիգորեանի խօսքով՝ բանակցութիւնները կը համարուին միակ արդիւնաւէտ տարբերակը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի էական կէտերը երկարաժամկէտ հասցէագրելու համար։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի մէջ յառաջ տարուող աշխոյժ բանակցութիւններու համայնապատկերին վրայ Արմէն Գրիգորեան շեշտեց, որ բոլոր ուղղութիւններով յառաջ կը տարուին աշխատանքները։ Պատասխանելով Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին վերաբերեալ հարցումի մը՝ ան ըսաւ. «Ռուս խաղաղապահներու մասով՝ Ստեփանակերտի մէջ ակնկալութիւնները չեն արդարանար։ Լաչինի միջանցքին փակ ըլլալը շատ լուրջ հիմնախնդիր մըն է։ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութիւնով Ատրպէյճանի որեւէ ներկայութիւն չէ նախատեսուած Լաչինի միջանցքին մէջ եւ խաղաղապահներու խնդիրն է, որպէսզի Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժ տեղի ունենայ։ Այսօր չկայ այդ տեղաշարժը եւ մենք կ՚ակնկալենք, որ խաղաղապահները ամբողջութեամբ իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդիկ մարդասիրական տագնապի մը դէմ յանդիման չմնան, որովհետեւ տագնապը շարունակ կը խորանայ։ Վերջին շրջանին միջանցքը բոլորովին փակ է, նոյնիսկ ապրանքներու տեղաշարժ չկայ։ Եւ այս բանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կեանքը կը բարդացնէ։ Կ՚ակնկալենք, որ այսպիսի տագնապներ չըլլան։ Հիմնական ակնկալութիւնն է, որ խաղաղապահները կարող ըլլան իրենց լիազօրութեան շրջանակէն ներս իրականացնել գործառոյթները՝ այսինքն ապահովեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու անվտանգութիւնը»։
Անդրադառնալով հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ հարցազրոյցի ընթացքին Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հայաստան այս հարցին մէջ կ՚առաջնորդուի երեք սկզբունքով։ Ան շեշտեց, որ այդ սկզբունքներն են՝ ինքնիշխանութիւնը, օրէնսդրութիւնն ու փոխադարձութիւնը։ «Ապաշրջափակումը Հայաստանի համար շատ կարեւոր է։ Այս հարցով ամենաշատ հետաքրքրուածը Հայաստանն է։ Ապաշրջափակումը պիտի նշանակէ «հայկական խաչմերուկ»ի իրականացումը։ Այս հասկացութեան կեանքի կոչուիլը կը ներառէ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցումը եւ ապաշրջափակում։ Հայաստան՝ որպէս երկիր, աւելի աշխոյժ մասնակից կը դառնայ տարածաշրջանային առեւտրաշրջանառութեան, ինչ որ յաւելեալ եկամուտներ կը բերէ երկրին, իսկ տնտեսական աշխուժութիւնը կրնայ ստեղծել նաեւ յաւելեալ անվտանգութեան երաշխիքներ», շարունակեց Արմէն Գրիգորեան։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով Գրիգորեան շեշտեց, որ Ռուսաստանի կողմէ պայմանագրով նախատեսուած զէնք-զինամթերքի Հայաստանին չտրամադրուիլը կը շարունակէ օրակարգային հարց մը ըլլալ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ։ «Բոլոր խնդիրները պէտք է բաց, հանգիստ քննարկուին մեր գործընկերներուն հետ, որպէսզի լուծում գտնեն, որովհետեւ անոնք Հայաստանի տեսակէտէ ունին ռազմավարական կարեւորութիւն», մատնանշեց ան։
Հարաւային Կովկասէ ներս նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը մեկնաբանելով՝ Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց, որ ներկայիս տարածաշրջանը անկայուն փուլէ մը կ՚անցնի։ Արդարեւ, Ուքրայնայի պատերազմը, աշխարհաքաղաքական գործընթացները բացասաբար կ՚անդրադառնան Հարաւային Կովկասի վրայ։ Այս բոլորին վրայ կու գան գումարուիլ Ատրպէյճանի առաւելապաշտ քաղաքականութիւնը, պատերազմի հռետորաբանութիւնն ու ձեռնարկուած քայլերը։ Պաքուի զանազան տեսակի մագլցումներուն հետեւանքով տարածաշրջանէն ներս լարուածութեան աճի հաւանականութիւնը կը մնայ բարձր։ Ատրպէյճան կ՚ընթանայ տարածաշրջանը ապակայունացնելու ճանապարհով եւ մագլցման ամբողջ պատասխանատուութիւնը անոր վրայ է։