ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ
Պաշարեալ Արցախէն կը շարունակեն հասնիլ մտահոգիչ լուրեր, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած նոր յարձակումներով հանդերձ։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսաստանն ու Հայաստանը դիտորդի կարգավիճակով կողքէն կը նային, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը, որու նպատակն էր պաշարեալ արցախահայութեան ձայնը բարձրացնել եւ անոր մատնուած վտանգը աշխարհին յիշեցնել։ Արցախի մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հանրահաւաքի ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ «Ռուս խաղաղապահներ, մեզի խաղաղութիւն կը խոստանայիք, տէր կանգնեցէք ձեր լիազօրութեան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ արցախահայութիւնը կ՚ենթարկուի անմարդկային զրկանքներու։ Գեղամ Ստեփանեան շեշտեց, որ արցախահայութիւնը պատանդ առնուած է սեփական հայրենիքին մէջ։
Երէկ, հանրահաւաքին ընդառաջ, Գուրգէն Ներսիսեան տեսաուղերձով մը դիմած էր ժողովուրդին՝ ըսելով. «Լքելու Արցախ չունինք, կը սկսինք համաժողովրդական անժամկէտ շարժման»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը ահազանգ հնչեցուց, որ Արցախի մէջ մին 3, իսկ միւսը 6 տարեկան երկու երեխայ մահացած է՝ առկայ շրջափակումով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ։
Միւս կողմէ, Ստեփանակերտէն հաղորդուեցաւ, որ երէկ ձերբակալուած է Արցախի ազգային հերոս եւ անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեան։