ԹՈՊԻԱՍ ԼԻՆՏՆԵՐԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտներ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գերմանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։

Լինտները հիւրընկալելու ժամանակ Փաշինեան յայտնեց, որ այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն մըն է քննարկելու համար Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւններուն, նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով նիւթերու վերաբերեալ հարցեր։ Վարչապետին խօսքով՝ Երեւան կը կարեւորէ Պերլինի հետ համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս՝ ներառեալ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ ձեւով յառաջ մղուիլը։

Իր կարգին, Թոպիաս Լինտներ ընդգծեց Հայաստանի հետ զանազան ուղղութիւններով համագործակցութիւնը խորացնելու, նաեւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացէն ներս օժանդակութիւնը շարունակելու ուղղեալ իր երկրի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակին, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապի խորացման եւ անոր յաղթահարման տեսակէտէ անհրաժեշտ քայլերուն։ Վարչապետ Փաշինեան այս ամբողջին մէջ կարեւորեց Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ վճռի Ատրպէյճանի կողմէ կատարման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան գործուն աջակցութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023