ԻՐԱՆԷՆ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի միջազգային հարցերով աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայէթի յայտարարեց, որ Թեհրան եւ Մոսկուա պէտք է զգօն ըլլան ՆԱԹՕ-ի դաւադրութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի ապագային վերաբերեալ։ «Թասնիմ» գործակալութեան կողմէ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած է Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու կապելու ուղղեալ ջանքերուն։ Ըստ իրեն՝ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կազմելու հիմքին կը գտնուի Հայաստանը բաժնել երկու մասի, Իրան-Հայաստան կապը կտրելու մտադրութիւնով։ Ան համոզուած է, թէ Ռուսաստան պէտք չէ անփութութիւն ցուցաբերէ։ Վելայէթի շեշտած է, որ Իրան դէմ չէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապի ստեղծման։ Տարանցման եւ հասանելիութեան խնդիրները դիւրութեամբ կրնան լուծուիլ՝ առանց խանգարելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Հայաստան-Իրան կապի խզման անպատեհութիւնները Վելայէթի ներկայացուցած է մանրամասնօրէն։ Յօդուածին մէջ ան դիտել տուած է, որ այդ պարագային իր երկիրը 15-ի փոխարէն 14 հարեւան պիտի ունենայ ու պիտի խափանուի իր ազատ կապը Հիւսիսային Կովկասի, Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի ցամաքամասին հետ։

Վելայէթի յօդուածին մէջ շեշտած է, որ տարածաշրջանէն ներս սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն երկարաժամկէտ լարուածութեան պատճառ կը դառնայ, իսկ ամենամտահոգիչը պիտի ըլլայ օտար երկիրներու գոյութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ Ուքրայնայի իրադարձութիւններուն հետեւանքով Կովկասի նկատմամբ որոշ անփութութիւն յառաջացած է։ «3+3» բանաձեւն ալ այժմ չ՚աշխատիր՝ հակառակ, որ սկիզբին բոլորին համար ընդունելի էր։ Այժմ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը Եւրոմիութեան, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջամտութեան եւ ապօրինի ներկայութեան վայր մը դարձած է։ «Եթէ այս միտումը շարունակուի, ապա այս շատ զգայուն տարածաշրջանը գործնականին մէջ պիտի վերածուի անվտանգութեան սպառնալիքի», գրած է Վելայէթի։

Յօդուածին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուած է Ռուսաստանի ընթացքին։ Վելայէթիի բանաձեւումով՝ Մոսկուա պէտք է զգոյշ ըլլայ ու գիտակցի, որ Կովկասի պարագային որեւէ փոքր անփութութիւն այս տարածաշրջանը պիտի դարձնէ ներխուժման ու մրցակցութեան վայր զանազան երկիրներու եւ չարամիտ կողմերու միջեւ, որոնք պիտի հարուածեն Ռուսաստանի եւ Իրանի շահերը։ Ան խօսած է նաեւ ինչպէս Հարաւային, այնպէս ալ Հիւսիսային Կովկասի վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ Իրանի կարմիր գիծերուն։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023