ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի տեսակցի Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Հանդիպման ընդառաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՚աջակցի ամէն տեսակ շինիչ միջնորդութեան, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութիւն կրնայ ապահովել։
Ռուս բանբերը համոզուած է, թէ վաղաժամ է որեւէ եզրակացութիւն ընելու համար։ «Մենք կ՚աջակցինք որեւէ շինիչ միջնորդութեան, որ կը տանի դէպի կայուն խաղաղութիւն։ Ուստի, անհրաժեշտ է հանդիպման արդիւնքներու հիման վրայ եզրակացութիւն ընել», ըսաւ Զախարովա։
Հարկ է յիշեցնել, որ ռուսական կողմը մօտաւոր անցեալին շատ աւելի խիստ կ՚արձագանգէր Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած շփումներուն՝ պնդելով, որ անոնց հիմնական նպատակը ո՛չ թէ խաղաղութեան նպաստելն է, այլեւ իր ազդեցութեան սահմանափակումը։