ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԴԻՄԵՑ ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Պաշարեալ Արցախին համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս դիմեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտահերթ նիստ մը գումարելու պահանջով Հայաստան պաշտօնական պահանջ ներկայացուց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ Երեւան կ՚ակնկալէ միջազգային կառոյցին միջամտութիւնը։ Ներկայ պայմաններով Հայաստանի կառավարութիւնը կը հայցէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ որպէս համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու՝ ներառեալ պատերազմական յանցագործութիւններու, էթնիք զտումներու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման առաջնային մարմնի միջամտութիւնը։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին ուղղուած նամակին մէջ ընդգծուած են այս բոլորը՝ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեանին կողմէ։

Յուլիսի 15-էն ի վեր ամբողջական պաշարման ենթարկուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը այսօր կանգնած է մարդասիրական լիակատար աղէտի եզրին։ Հայկական կողմի դիմումին մէջ շեշտուած է, որ մարդասիրական բոլոր մատակարարումներու դադրեցումը՝ զուգորդուած ներքին սահմանափակ պաշարներու աստիճանական օգտագործմամբ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ գիւղատնտեսական տարածքներու թիրախաւորուած գնդակակոծմամբ, յանգեցուցած է սնունդի սուր պակասի եւ խանութներու փակման։ Առաջնային անհրաժեշտութեան սննդամթերքի եւ կենսանիւթերու բացակայութեան պատճառով մօտաւորապէս 200 յղի կին, մօտաւորապէս 30 հազար երեխայ, 20 հազար տարեց եւ 9 հազար հաշմանդամ կը պայքարի թերսնման պայմաններով գոյատեւելու համար։ Երեւան ստեղծուած իրավիճակին մէջ պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ շաքարախտէ եւ արեան շրջանառութեան հիւանդութիւններէ տառապող հազարաւոր քաղաքացիներ մնացած են գրեթէ առանց որեւէ դեղամիջոցի։ Դիմումին մէջ շեշտուած է շարք մը հիւանդութիւններէ մահացութիւններու դէպքերու աճը՝ ներառեալ սրտանօթային հիւանդութիւններն ու չարորակ նորագոյացութիւնները։ Նաեւ թերսնման պատճառով յղիներու շրջանակին մէջ սակաւարիւնութեան մակարդակը հասած է շուրջ 90 տոկոսի։ Աւելին, ամառնային տաք եղանակի պայմանները եւ ախտահանող միջոցներու եւ դեղամիջոցներու բացակայութիւնը Արցախի մէջ համաճարակներու վտանգ կը ստեղծեն, ինչ որ կրնայ ազդել նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։

Այս դիմումէն վերջ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան յայտնեց. «Միջազգային հանրութիւնը՝ մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կրնան դադրեցնել սովը զէնքի վերածելը, ինչ որ Ատրպէյճանի կողմէ կ՚օգտագործուի որպէս լծակ էթնիք զտումներու եւ ցեղասպանութեան համար»։

Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ ողջունեց Երեւանի այս նախաձեռնութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր նշուեցաւ, որ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը չվերականգնելու եւ փոխարէնը Աղտամով մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու ուղղեալ Պաքուի առաջարկը փորձ մըն է՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու համար։ Արցախի ղեկավարութիւնը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ յամառօրէն առաջարկուած այս մօտեցումը կը խախտէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները եւ կը նուաստացնէ արժանապատուութիւնը, կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023