Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՀԻՆԳ ՈՍՏԻԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ
Շաբաթավերջին ահաբեկչական դէպքերը շարունակուեցան, ցաւ յառաջացնելով ամբողջ երկրին մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Շըրնաքի եւ Տիարպաքըրի մէջ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով երեք ոստիկան նահատակուեցաւ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած արարքներուն հետեւանքով կան նաեւ վիրաւորներ։
Շըրնաքի մէջ ոստիկաններ նահատակած երկու ահաբեկիչները արդէն անվտանգութեան ուժերուն կողմէ չէզոքացուած են։ Շրջանէն ներս կը շարունակուին լայնածաւալ գործողութիւններ։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015