ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլեւըրլին, որ հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քլեւըրլի յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Անգլիա պիտի շարունակեն միասնաբար աշխատիլ։ Իր խօսքով՝ այժմ աշխարհ դէմ յանդիման կը գտնուի կարեւոր ու դժուարին փորձութիւններու, որոնց դիմագրաւման համար կողմերը պիտի շարունակեն աշխատիլ՝ որպէս դաշնակիցներ։
Քլեւըրլի յայտնեց, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերսկսման նպատակով թրքական կողմին գործադրած ջանքերը։ Ան համոզուած է, թէ Անգարա-Լոնտոն յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Սա ի զօրու է ո՛չ միայն կողմերու համատեղ անվտանգութեան եւ համատեղ բարգաւաճման տեսակէտէ, այլեւ այս բոլորէն անդին նուրբ նշանակութիւն ունի Եւրոպայի, տարածաշրջանի եւ աշխարհի ընդհանուրին տեսակէտէ։
Քլեւըրլի Անգարայի մէջ անդրադարձաւ նաեւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ սա նպաստէ մեր բոլորի անվտանգութեան»։