ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ ԿԸ ԴԻՏԱՐԿԷ ԱՆԿԱՅՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Պատմաբան, ակադեմական ու դիւանագէտ տքթ. Ժիրայր Լիպարիտեան այս շրջանին հրատարակած է անգլերէն նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Անկայուն Հայաստան. Երրորդ Հանրապետութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւններ»։ Անգլերէնով հրատարակուած այս գիրքը իսկապէս ուշագրաւ եւ բովանդակալից է՝ ինչպէս Ժիրայր Լիպարիտեանի միւս գործերը, որոնք կը ցոլացնեն հեղինակին թէ՛ որպէս պետական գործիչ գործունէութիւն ծաւալած շրջանի փորձառութիւնը եւ թէ իրադարձութիւնները խորաթափանց վերլուծելու կարողութիւնը։

Երէկ, Ժիրայր Լիպարիտեանի գիրքին շուրջ առցանց քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ ուէպինարի ձեւաչափով։ Իր տեսակին մէջ շնորհանդէսի մը համազօր էր այս ուէպինարը, որուն մասնակցեցաւ Ժիրայր Լիպարիտեան եւ իր գիրքը ծանօթացնելու ժամանակ հանդէս եկաւ այնպիսի խորհրդածութիւններով, որոնք հայ իրականութեան առկայ հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ գնահատականներ պարունակեցին։ Լիպարիտեանի գիրքը հրատարակուած է «Կոմիտաս» կաճառին կողմէ՝ իր հետ կատարուած հարցազրոյցներու եւ իր շարք մը գրութիւններու ընտրանիի հումքով կատարուած պատրաստութեան մը հիման վրայ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Հայկական հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու ազգային կեդրոնին (NAASR) եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ հովանաւորուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Ժամանակակից հայկական հարցերուն ձօնուած առցանց զրոյցներու շարքին մաս կազմեց՝ Լիպարիտեանի գիրքի հրատարակութեան ձօնուած քննարկումը։ Սկիզբին NAASR-ի ակադեմական հարցերու գծով տնօրէն Մարք Մամիկոնեան հանդէս եկաւ ամփոփ խօսքով մը, որու աւարտին Ժիրայր Լիպարիտեան մանրամասնօրէն կանգ առաւ թէ՛ իր գիրքին եւ թէ անոր բովանդակած նիւթերուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս արտայայտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան, հայկական քաղաքական մշակոյթին, հրատապ խնդիրներու պարագային որդեգրուած դիրքորոշումներուն եւ լուծման որոնումներուն մասին։ Լիպարիտեան վերլուծումները կատարեց՝ հայկական քաղաքական մտածելակերպի լոյսին տակ։ Իր մեկնակէտն էր այն մօտեցումը, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ընդհանրապէս հայերը կը համարուին՝ սեփական պատմութեան պատասխանատուն։ Հայ իրականութեան պարագային առկայ զոհ ըլլալու գերակշիռ հոգեբանութիւնն ալ հաշուի առնելով՝ Ժիրայր Լիպարիտեան յայտնեց, որ հայրենասիրութեան հետ շփոթուած առաւելապաշտութիւն մը խնդրոյ առարկայ եղած է։

Ուէպինարի ընթացքին Ժիրայր Լիպարիտեան շեշտեց, որ հայկական քաղաքական վերնախաւը իր գրաւը դրած է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ պատերազմի վրայ, այսինքն ռիսքերու գացած է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ պատերազմի համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2023