ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի ավտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարներուն զրոյցը տեղի ունեցաւ՝ ի շարունակութիւն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հեռաձայնային տեսակցութեան։
Անդրադառնալով տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն՝ Արարատ Միրզոյեան նշեց գործընկերներու կողմէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ իրավիճակի սրումը զսպելու ուղղեալ ջանքերը եւ Ատրպէյճանը շինիչ դաշտ վերադարձնելու կարեւորութիւնը։ Տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ կայունութեան հասնելու ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը։
Նախարարները շօշափեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք վերահաստատուեցաւ պատրաստակամութիւնը՝ երկխօսութիւնը զանազան հարթակներու վրայ եւ ձեւաչափերով շարունակելու համար։