ՆԱԽԱՐԱՐ ՈՒՐԱԼՕՂԼՈՒ ԽՕՍԵՑԱՒ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՄԱՍԻՆ՝ ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՐՊԷՍ ԿՈՂՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին Զանգեզուրի միջանցքի բացման աշխատանքները։ «Մենք մշտական կապի մէջ ենք Ատրպէյճանի հետ, Զանգեզուրի միջանցքի բացումը պիտի ըլլայ կարեւոր քայլ մը, որ պիտի միացնէ ամբողջ թրքական աշխարհը», ըսաւ ան՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան Լոժիսթիք ֆորումին ժամանակ։
«Զանգեզուրի միջանցքին հետ կապուած մենք որոշ ճանապարհ անցած ենք ու ես կը հաւատամ, որ կարճ ժամանակահատուածին մէջ Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Հայաստանը կեանքի պիտի կոչեն այս ծրագիրը», ըսաւ ան, ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներուն։
Այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրահոսին մէջ, ուր վերջին օրերուն տեսանելի դարձած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի յայտարարութիւնը, թէ Պաքու Զանգեզուրի միջանցքի բացման համար ունի այլընտրանքային ծրագիր մը՝ առանց Հայաստանի մասնակցութեան։