ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կան կարմիր գիծեր, զորս պէտք չէ հատել՝ յատկապէս երբ խնդիրը կը վերաբերի պետականութեան հիմքին, երկրի գերագոյն իշխանութեան ընտրութեան, ինչ որ պարագան է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի։ Արցախի ռուսամէտ քաղաքական ուժերը ընտրեալ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը մղեցին պաշտօնէն հրաժարելու, փոխարէնը հապճեպ խորհրդարանական ընտրութեամբ այդ պաշտօնին նշանակեցին Սամուէլ Շահրամանեանը՝ Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը, որ կը մնայ քաղաքականապէս անծանօթ անձնաւորութիւն մը։
Արցախի նոր նախագահի ընտրութիւնը չարժանացաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ շնորհաւորանքի։ Վարչապետ Փաշինեան սոյն ընտրութեան վերաբերեալ հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով. «Ի՞նչ շնորհաւորելու բան կայ։ Սակայն բարի երթ կը մաղթեմ, այնքան որ ծանր պիտի ըլլայ անոր բեռը»։
Մէկ բան յստակ է, որ Ատրպէյճան եւ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը պիտի չընդունէին Արցախի մէջ նոր ընտրութիւններու արդիւնքը։ Այդպէս ալ եղաւ՝ Եւրոմիութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան եւ այլ երկիրներ պաշտօնապէս յայտարարեցին ընտրութեան մերժումը… Պատերազմական պայմաններու մէջ բնական է, որ որեւէ կառավարական ընտրութիւն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար պատրուակ է ամբաստանելու Հայաստանի իշխանութիւնները՝ բանակցութիւնները խոչընդոտելու մեղադրանքով։
Այս կէտէն սկսաւ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումի նախապատրաստութիւնը, որուն դիմաց սեպտեմբերի 9-ին Հայաստանի վարչապետը հեռաձայնային հինգ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ միջազգային [շահագրգիռ] եւ դրացի պետութիւններու ղեկավարներուն հետ՝ սկսելով Ֆրանսայէն, յետոյ՝ Գերմանիա, Իրան, ԱՄՆ եւ Վրաստան, որոնց բոլորին նպատակն էր Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ հաւանական յարձակումը կանխելը։ Իսկ նախագահ Էրտողան «G20»ի վեհաժողովէն վերադարձին յայտարարած էր, որ սեպտեմբերի 11-ին պիտի բանակցի Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ՝ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն անընդունելիութիւնն ու անոնց հետեւանքները։
Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արման Սարգսեան զգուշացուց. «Մեր տարածաշրջանը այնպիսին է, որ պատերազմի սաստկացումի վտանգը մշտապէս առկայ է, սակայն մենք՝ որպէս պետութիւն, պէտք է ձեռնարկենք քայլերու, որպէսզի գործը սաստկացման, առհասարակ ռազմական մեծ գործողութիւններու չհասնի»։
Իսկ Արցախի նորանշանակ նախագահին առաջին գործը եղաւ համաձայնիլ Ակնայ-Ստեփանակերտ ճանապարհի բացումին՝ ռուսական Կարմիր խաչի մարդասիրական օգնութեան մէկ բեռնակառքին թոյլ տալով անցնիլ։ Ատրպէյճանի համար սկզբունքային հարց էր առաջին բեռնափոխադրումը իր պարտադրած ներքին ուղիով։ Եւ կրցաւ պարտադրել իր պայմանը։ Արցախցիներն ալ տիւ ու գիշեր պահակութիւն կը կատարէին արգիլելու համար Ատրպէյճանի որեւէ ապրանքի Արցախ մուտքը՝ Ակնայ-Ասկերան-Ստեփանակերտ ճամբով։ Բայց վերջապէս ռուս զինուորականներու եւ Արցախի կառավարութեան պնդումով ու հաւաստումով, թէ մարդասիրական բեռը զուտ ռուսական արտադրութիւն է եւ թէ այս մուտքին դիմաց Ատրպէյճան թոյլ պիտի տայ բանալ Բերձորի միջանցքը, կարելի եղաւ ռուսական բեռնատարին մուտքը Արցախ։
Ատրպէյճան-Ռուսաստան-Արցախ այս բեմադրութիւնը տեղի ունեցաւ՝ հակառակ արեւմտեան մեծ պետութիւններու տասնեակ անգամներ Բերձորի միջանցքը բանալու ուղղեալ կոչերուն։ Մէկ խօսքով՝ ռուսերը եւ ատրպէյճանցիներ իրենց բեմադրութիւնը յաջողցուցին՝ օրհնութեամբ Արցախի նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ զինք իշխանութեան գլուխ բերած կուսակցութիւններու, որոնք դեռ երէկ Ակնայ-Ստեփանակերտ ճանապարհը կը կոչէին «մահուան ճանապարհ», իսկ նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ ստիպեցին, որ հրաժարի նոյն պատճառով։
Փաստօրէն, Ատրպէյճանի զօրքերու անցեալ շաբթուան կուտակումներուն ճնշումը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ։ Արցախի իշխանութիւնները տեղի տուին՝ առանց որեւէ երաշխիք ունենալու, որ Ատրպէյճան պիտի յարգէ իր խոստումը կամ նորանոր պայմաններ պիտի չդնէ Բերձորի միջանցքի բացումին։
Պատերազմի անմիջական վտանգը կասեցուած է, սակայն Հայաստան-Արցախ միջկառավարական յարաբերութիւնները մեծապէս վնասուած են։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի