ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԵԿԱՒ ՆՈ՛Ր ՍԿԻԶԲ ՄԸ ՍԱՀՄԱՆԵԼ՝ ԴԷՊԻ ՆՈ՛Ր ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ ՆԱՒԱՐԿԵԼՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐՈՎ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայաշխարհի ուշադրութիւնը շաբաթավերջին թեքուած էր դէպի Նիւ Եորք, ուր գումարուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը։ ՀԲԸՄ, որ ամբողջ աշխարհի մեծագոյն հայկական բարենպատակ հաստատութիւնն է եւ արդէն շուրջ 120 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի, այս վերջին ընդհանուր ժողովով նոր շրջանի մը սկիզբը դրաւ իր պատմութեան մէջ, իր գործունէութեան եւ առաքելութեան առումով։ Արդարեւ, յարափոփոխ ժամանակներու մէջ եւ համայն հայութեան դիմագրաւած ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ այս կառոյցը կը ձգտի նաւարկել դէպի նոր հորիզոններ, ուստի համապատասխան սպասումներուն տեսակէտէ կարեւոր անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ 93-րդ ընդհանուր ժողովը։
Մենհեթթընի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկի համալիրէն ներս, հարիւրաւոր մասնակիցներու ներկայութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ համախմբուեցան ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերէն, շրջանակներէն եւ յարակից մարմիններէն վարչայիններ, ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ, կեդրոնական վարչութեան անդամներ, որոնց միացած էին նաեւ ամերիկահայ կամ սփիւռքեան այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Առանձնայատուկ ժողով մըն էր այս մէկը, քանի որ անոր սկիզբին եւ վերջաւորութեան արդէն երկու տարբեր դէմքեր ատենապետեցին նիստին։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան բազմամեայ ատենապետ Պերճ Սեդրակեան, որ 22 տարիէ ի վեր այս կառոյցը կը ղեկավարէր, վերջին անգամ 93-րդ ընդհանուր ժողովին բացումը յայտարարեց եւ իր մականին ներքեւ հրապարակուեցան վերջին երկու տարիներու գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրները եւ յարակից բոլոր մանրամասնութիւնները։ Հուսկ, Պերճ Սեդրակեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ հրաժեշտի խօսքի բնոյթը ունէր։ Ան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ՀԲԸՄ-ի ոգին եւ, անշուշտ, երկար շնորհակալութեան բաժին մըն ալ կար իր հրաժեշտի խօսքին մէջ։ Պերճ Սեդրակեանի ելոյթը բոլորին կողմէ ընդունուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով։ Ամբողջ դահլիճը հոտնկայս արտայայտեց իրեն նկատմամբ գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը։
Պերճ Սեդրակեանէն վերջ ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նոր նախագահը՝ Սեմ Սիմոնեան, որու խօսքերը եւս ջերմ ծափահարութիւններով ընկալուեցան՝ որպէս առաջին քայլափոխի զօրակցութեան դրսեւորում։ Այս երկու ելոյթներու աւարտին Պերճ Սեդրակեան եւ Սեմ Սիմոնեան ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սրտի ողջունեցին բոլոր ներկաները, որոնք իրենց ծափահարութիւններով կ՚արտայայտէին նաեւ անոնց ապահոված հարթ հերթի փոփոխութեան նկատմամբ գնահատանքը։ Զգացական դրուագներով լի մթնոլորտին մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ նաեւ, որ կեդրոնական վարչութեան որոշմամբ՝ Պերճ Սեդրակեան կը հռչակուի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահը։
Թէեւ Պերճ Սեդրակեանի եւ Սեմ Սիմոնեանի ելոյթները զիրար լրացնող բնոյթ մը կը կրէին, սակայն, ստեղծուած մթնոլորտը եւ օրուան խորհուրդը վերջնականօրէն իմաստաւորուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ելոյթով։ Նորին Սրբութիւնը ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ հերթական անգամ կրկնելով իր բարձր գնահատանքը այս աշխարհատարած կազմակերպութեան նկատմամբ։ Ան մի առ մի թուարկեց ՀԲԸՄ-ի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համագործակցութեամբ յառաջ տարուած նախագիծերը։ Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ կազմակերպութիւնը իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողքին դիրք գրաւած է եւ իր գործունէութիւնը միշտ եղած է ազգաշահ, եկեղեցանուէր ու խրախուսած է պետականակերտման գործընթացը։
Ընդհանուր ժողովի ընթացքին հնչած ելոյթներու ընդմէջէն հերթական անգամ բիւրեղացաւ ՀԲԸՄ-ի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան սերտ համագործակցութեան ամուր ենթագետինը, որու հիման վրայ, ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ շրջանին նոր շունչով եւ նոր նպատակներով աշխատանքները, արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի։ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ համայն հայութեան նկատառման յանձնեց, թէ սա չէզոք, անկողմնակալ հաստատութիւն մըն է, որ կը ջանայ նպաստել Հայաստանի մէջ բարգաւաճման, իսկ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան։
93-րդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութիւն, ինչ որ ՀԲԸՄ-ի ձեւաւորուած աւանդութիւններէն մին է։ Հաստատութեան կարգ մը՝ վերջին շրջանին աչքառու գործունէութիւն ծաւալած մասնաճիւղերը եւ անհատ պատասխանատուները գնահատանքի արժանացան՝ պարգեւներ ստանալով Պերճ Սեդրակեանի ձեռամբ։ Այս ընդհանուր ժողովին ՀԲԸՄ-ի «Պօղոս Նուպար» մրցանակներէն մին ալ նախատեսուած էր նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանին համար, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Ուաշինկթըն, ուր վերլուծական կազմակերպութեան մը մէջ կը պաշտօնավարէ։ Ան Ուաշինկթընէն Նիւ Եորք եկած էր այս ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար։ Մրցանակը ստանալու ժամանակ Փայլան արտասանեց նաեւ սրտի խօսք մը։
Ընդհանուր ժողովի եզրափակումէն վերջ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին անդամները զիրար շնորհաւորեցին, մասնաւորապէս Սեմ Սիմոնեանը ջերմօրէն շրջապատեցին, անոր նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը յայտնեցին՝ միշտ այն լաւատեսութեամբ, թէ այս կառոյցը պիտի կարողանայ վերանորոգ ջանքերով արժեւորել իր պատմական առաքելութիւնը նոր ժամանակներու մէջ։
Այս բոլորէն վերջ, երեկոյեան սարքուեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Թէեւ սա ընդհանուր ժողովի եզրափակիչ ընթրիքն էր, սակայն, այս անգամուան բացառիկ մթնոլորտին մէջ նախատեսուած էր որպէս մեծարանք՝ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլին ի պատիւ։ «Gotham Hall»ի մէջ սարքուեցաւ այս մեծարանքի ընթրիքը, որուն եւս մասնակցութիւն բերաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ինչպէս ընդհանուր ժողովին, այնպէս ալ այս պաշտօնական ընթրիքին ներկայ էր ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, յայտնի ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեան։ Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեան եւ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքէն այլ յառաջատար դէմքեր այս ընթրիքի ընթացքին սեղանակից եղան Վեհափառ Հայրապետին։ Գործադրուեցաւ ճոխ երաժշտական յայտագիր մը, իսկ զանազան անձնաւորութիւններ արտայայտուեցան Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլին մասին՝ փոխանցելով յուշեր, վկայութիւններ եւ ամփոփելով անոնց ծաւալած գործունէութեան ամբողջ մղումը եւ իրենց նուիրումին դրսեւորումները։ Վեհափառ Հայրապետն ալ օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ, իսկ աւարտին Պերճ Սեդրակեանին յանձնեց յուշանուէր մը։
Հուսկ, երեկոյթի մեծարեալը Պերճ Սեդրակեան սրտի խօսք մը արտասանեց, ինչ որ գործնականօրէն ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին այս փուլին ուղղած իր վերջին պատգամն էր։