ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՓՈՒԼԻ ՄԸ ՀԱՍՈՒՆԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը տեսանելի ապագային կրնայ իրականանալ։ Մինչ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի առանց շօշափելի արդիւնքներու՝ կողմերը կը շարունակեն լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս գալ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վահագն Խաչատուրեանի խօսքով՝ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ Հայաստանը այժմու գործընթացէն ներս ունին այն ընկալումը, թէ յարաբերութիւններու տեսակէտէ նոր փուլ մը կը հասունանայ, ինչ որ ժամանակի առումով հեռու չէ։ Ան այս յայտարարութիւնները ըրաւ Աշխապատի մէջ գտնուելու օրերուն։ Վահագն Խաչատուրեանի Աշխապատի մէջ մասնակցած համաժողովին ներկայ գտնուած էր նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ։ Գործակալութեան հետ զրուցելու ընթացքին նախագահը տեղեկացուց, թէ Աշխապատի մէջ կարճ հանդիպում մը ունեցած է Քուրթուլմուշի հետ։ «Տեղի ունեցաւ շատ կարճ շփում, հնարաւորութիւնը այնքան էր, ինքն ալ կ՚աճապարէր, որովհետեւ մէկ օրուան ընթացքին եկաւ եւ գնաց, բայց դարձեալ նոյն խօսակցութիւնն էր. խաղաղ ապրելու, սահմանները բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին էր խօսքը», ըսաւ Խաչատուրեան։ Այս փուլին ան կարեւոր նկատեց, թէ զանազան մակարդակներու վրայ կողմերու միջեւ խօսակցութեան նիւթը նոյնն է եւ այս առումով երկու կողմերէն ալ իշխանութեան տարբեր թեւերու միջեւ տարակարծութիւններ չկան։ «Այդ պետական քաղաքակութեան մէջ բոլորի պարագային գոյութիւն ունի այն ընկալումը, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը մտնեն նոր փուլ մը, որ ժամանակային առումով հեռու չէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երկու կողմերն ալ առիթները չեն փախցներ, հանդիպումներ ունենալու, շփուելու եւ կարգաւորման շուրջ հարցերը քննարկելու համար։ Ուրեմն, սա կը վկայէ այն մասին, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութւիններու կարգաւորումը տեսանելի ապագային կրնայ իրականութիւն դառնալ։ «Սա կը վերաբերի թէ՛ սահմաններու բացման եւ թէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան՝ յիշեցնելով, որ այժմ օրակարգի վրայ կը գտնուի շատ աւելի կարճ ժամանակի մէջ իրականանալի խնդիր մը՝ կապուած երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրի տէր անձերու համար ցամաքային սահմանի բացման։ Վահագն Խաչատուրեանի խօսքով՝ վերոյիշեալ հարցերու շուրջ արդէն իսկ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացումը եւս մեծ յառաջընթաց կ՚ըլլայ։

Անդրադառնալով Թուրքիայէն հնչած այն յայտարարութիւններուն, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հայկական կողմէն յառաջիկային զարգացում մը պիտի ըլլայ՝ Վահագն Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ կարելի չէ ըսել աւելին՝ քան թրքական կողմը յայտարարած է, որովհետեւ իրականութեան մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ իրավիճակը բոլորին յայտնի է։ «Կայ հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու խնդիր, այսինքն բոլորին հնարաւորութիւն տալ օգտուիլ հաղորդակցութիւններէն, որոնք այսօր կան եւ որոնց ներուժը Հայաստանը ունի։ Այսինքն, տարածաշրջանը ուղղակի դարձնել մատչելի, հասանելի ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլեւ ընդհանրապէս բոլոր երկիրներու եւ այս իսկ տարածաշրջանի երկիրներուն համար», ըսաւ ան։ Այս կէտին վրայ Խաչատուրեան յիշեցուց, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որու գաղափարն ալ այս նոյն մօտեցման մէջ կը կայանայ։ Խաչատուրեան նորութիւն չհամարեց Թուրքիայէն հնչած յայտարարութիւնները՝ մատնանշելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կամ ճանապարհներու բացման վերաբերեալ բանակցութիւնները միշտ ալ Հայաստանի օրակարգին վրայ եղած են։

Ի լրումն այս բոլորին, Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ մինչեւ տարեվերջ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ։ Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ ան նշեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը ուղղուած է ժողովրդավարական կառոյցներու կայացման։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նոյն նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչն է։ «Թուրքիոյ մէջ սխալ ընկալում մը կայ, թէ հայկական սփիւռքի դիրքորոշումը եղած է կամ կը մնայ խոչընդոտ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին», ըսաւ ան։ Իր խօսքով՝ բազմիցս ապացուցուած է, որ սա այդպէս չէ։ «Այդպէս չէ եղած 2010-ականներու սկիզբին, երբ այսպէս կոչուած ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը կիզակէտին էր, երբ արձանագրութիւնները ստորագրուեցան։ Հայաստանի կառավարութիւնը այն ժամանակ պատրաստ էր առանց նախապայմաններու անմիջապէս բնականոնացնել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ կայ միայն մէկ խոչընդոտ. Թուրքիոյ մէջ քաղաքական որոշման բացակայութիւնը։ Շատ կարեւոր է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը մնայ երկու պետութիւններու միջեւ գործընթաց մը», ըսաւ Ռուբինեան ու վերահաստատեց, որ Հայաստան վաղն իսկ պատրաստ է ցամաքային սահմանի բացման։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024