ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Պէյօղլուի մէջ երէկ պատահած պայթումին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ վշտակցութիւն յայտնելով զոհուածներուն համար։ Այս կապակցութեամբ Արարատ Միրզոյեան գրառումին մէջ արտայայտեց իր կարեկցանքը՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022