ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ Խորհուրդի ժողովէն առաջ անդամ քանի մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները սարքեցին մամլոյ ասուլիսներ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կարեւորեցին Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը։ Անոնք շեշտադրեցին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու կարեւորութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պրիւքսելի ժողովի աւարտին Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան շեշտեց, որ ժողովականները քննարկած են Երեւան-Պաքու յարաբերութիւնները։ Ժոզէֆ Պորել դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւններուն եւ կը սատարէ երկրի անվտանգութեան։ Հաշուի առնելով երկրէն ներս բարեփոխումներու շարունակականութիւնը՝ Եւրոմիութիւնը որոշած է ուժեղացնել իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ եւ աւելի շատ պարէկութիւն իրականացնել սահմանի զգայուն հատուածներէն ներս։ Ըստ Ժոզէֆ Պորելի, տարբերակներ քննարկուած են Հայաստանի համար մուտքի ազատութիւններու դրութեան ազատականացման նպատակով։ «Մենք պէտք է շատ զգօն ըլլանք Հայաստանի անկայունացման որեւէ փորձի դէմ՝ ներքին կամ արտաքին։ Իսկ Ատրպէյճանին ուղղուած մեր պատգամը յստակ է՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ սա ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններու որակին համար։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք վերսկսիլ բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահի կատարած աշխատանքներուն ներքեւ, որովհետեւ սա պէտք է մեզի։ Խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ եւ մենք կը պարտաւորուինք շարունակել մեր միջնորդական դերը», ըսաւ Ժոզէֆ Պորել Պրիւքսելի երէկուան ժողովէն վերջ։