ԸՍՏ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ, ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի դերակատարութեան շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալիեւ հերթական անգամ պնդեց, որ Հայաստան իբրեւ թէ չի կատարեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրի յայտարարութիւններէն բխած պարտաւորութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս առանձնացուց, որ Հայաստան չէ կատարած Արեւելեան Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ստեղծելու իր պարտաւորութիւնները։ Ալիեւի խօսքով՝ այսօր այդ հարցերը անցեալին կը վերաբերին եւ ներկայիս տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան օրակարգի համար շատ լաւ հնարաւորութիւններ կան։ «Ատրպէյճան Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան կողմնակից է եւ կ՚աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման», նշեց ան։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ հիւրընկալուելով։