ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ԿՐՆԱՆ ՀԱՆԴԻՊԻԼ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ միջպետական սահմանէն զօրքերու հայելային ետքաշման գաղափարին շուրջ։
Երէկ, Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Էսթոնիայի արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցահքնանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հակամարտութիւններու էջի փակման համար անհրաժեշտ է միջազգային գործընկերներու ամուր եւ անկեղծ աջակցութիւնը։
Մինչ այդ, երէկ յայտնի դարձաւ, որ Պաքու հաւանութիւն տուած է, որպէսզի Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկային տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ։ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էտմոն Մարուքեան երէկ Հանրային հեռուստատեսութեան տուած յայտարարութեան մէջ տեղեկացուց այս մասին՝ նշելով, որ նախարարներուն ժամադրութիւնը տեղի կրնայ ունենալ յառաջիկայ յունուարին։ Իր խօսքով՝ Պրիւքսէլի մէջ բանակցութիւններու կազմակերպման նպատակով աշխատանքներն ալ երբեք չեն դադրեցուած եւ իրենք կը շարունակեն աշխատիլ, որպէսզի Պրիւքսէլի մէջ ալ հանդիպում մը տեղի ունենայ։ Ըստ Էտմոն Մարուքեանի, յունուարին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած հանդիպման պարագային հիմնական ակնկալութիւնը պիտի ըլլայ, որ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի տեսքը վերջնականացուի։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԻՇԷԼ
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Հայաստան-Պաքու առկայ տարակարծութիւններուն։ «Թէեւ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Հայաստանի պարագային տարածքային նկրտումներ չունի, բայց հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հարցին մէջ կան տարաձայնութիւններ։ Իրականութեան մէջ, եթէ իսկապէս ստոյգ ըլլանք, բանավէճ կայ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապելու յստակ եղանակներուն շուրջ՝ համոզուելու, թէ անոնք կը յարգեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու օրէնսդրութիւնը», ըսաւ Շարլ Միշէլ։ Թէեւ Ատրպէյճանի նախագահը իրերայաջորդ երեք հանդիպման առաջարկը մերժած է զանազան պատճառներով, սակայն, Շարլ Միշէլ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Պրիւքսէլ լաւատես է ու կը շարունակէ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ փորձերը։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Շարլ Միշէլ շեշտեց նաեւ, որ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին Ատրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ։