ԽՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի առկայ խնդիրներուն կապակցութեամբ Լեմքինի ցեղասպանութեան կանխարգիլման կաճառը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ կաճառը կոչ ուղղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի միւս դաշնակիցներուն, որպէսզի սաղիմահայ համայնքին պատշաճ իրաւական օժանդակութիւն ցուցաբերուի՝ հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածի պարագային ծագած վէճը լուծելու համար։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ իրաւական օգնութիւնը պէտք է ըլլայ երաշխաւորուած։ Արդարեւ, Լեմքինի կաճառը խորապէս մտահոգուած է Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի ամբողջականութեան ուղղուած սպառնալիքներով։ Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ անցեալ աշնան հայութիւնը արդէն կորսնցուցած է կարեւոր պատմական տարածք մը՝ Արցախը, որու բնակչութիւնը Ատրպէյճանի բռնութեան պատճառով ստիպուած լքած է իր տուները։ «Թէեւ Երուսաղէմի մէջ հայ բնակչութիւնը այսօր շատ փոքր է, սակայն հայկական թաղամասը կը շարունակէ մնալ սփիւռքի ներկայութեան կարեւոր մասը։ Այդ մէկը հայերու ամենահին գործող սփիւռքն է», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Լեմքինի կաճառը ընդգծած է, որ Երուսաղէմի հին քաղաքի հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ կառուցապատողներէ։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, սաղիմահայ համայնքը վերջերս դատ մը բացած է եւ ներկայիս հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այս նախաձեռնութեան արդիւնքին։ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքով պայմանաւորուած տագնապը այնպիսի կէտի մը հասած է, որ այսօր հիմնական խնդիրը հետեւեալն է. Հին քաղաքի հայկական թաղամասի 25 տոկոսը կը մնա՞յ հայոց ձեռքին կամ հարիւր տոկոսով կ՚անցնի Իսրայէլի մասնաւոր ընկերութեան։ Վարձակալութեան աղմկայարոյց գործարքը իսկապէս շատ անհեռատես ձեւով յառաջ տարուած է։ Այնքան աններելի սխալներ գործուած են, որ Պատրիարքարանին կողմէ գործարքի ջնջուիլն իսկ բաւարար չէ դարձած առկայ վտանգները կանխելու։ Գործարքի ջնջուելուն վերաբերեալ Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր անպատասխան մնացած է։ Այս պայմաններուն ներքեւ սաղիմահայութիւնը դիմած է դատարան։ Մինչ այդ, Սուրբ Աթոռը տակաւին պաշտօնապէս չէ բացայայտած այս աղմկայարոյց գործարքի մանրամասնութիւնները։ Երկար ժամանակէ ի վեր հանրային կարծիքը կ՚ակնկալէ, որ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային ստորագրուած պայմանագրին բովանդակութիւնը հրապարակուի՝ որքան որ ալ Պատրիարքարանի կողմէ չեղարկուած ըլլայ այդ մէկը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ սաղիմահայ համայնքէն Յակոբ Ճռնազեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետեւեալը յայտնած է «Xana Gardens» ընկերութեան դէմ բացուած դատին մասին. «Մենք դատական գործերու սկսած ենք ընդդէմ ընկերութեան եւ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի ապագային ալ ուրիշ դատական գործեր սկսին ո՛չ թէ անհատներու, այլ համայնքի կողմէ։ Մեր այդ աշխատանքը կը շարունակենք եւ սա լուրջ աշխատանք է։ Դրական արդիւնքներու կը սպասենք»։

Համայնքի անդամները սադրանքներու եւ սպառնալիքներու դէմ շուրջօրեայ հերթապահութիւն կ՚իրականացնեն «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին։ Ճռնազեան յայտնած է, որ ճիշդ է՝ անորոշութիւն կայ, բայց այդ անորոշութիւնը վերածուած է միասնականութեան եւ այսօր սաղիմահայութիւնը միասնական է։

Համայնքի անդամներէն Սեդրակ Պալեանն ալ նշած է, որ ընկերութիւնը Պատրիարքարանէն այդ նամակը ստանալէ վերջ բանակցութիւններու նստելու եւ լուծում մը գտնել ջանալու փոխարէն՝ դիմած է սադրանքներու եւ սկսած է պուլտոզէրներով քանդումներու։ «Կովերու պարտէզ»ի տարածքէն ներս սաղիմահայ երիտասարդներու եւ ընկերութեան կողմէ գործուղուած բանուորներուն կողմէ ֆիզիքական ընդհարումներ ալ պատահած էին, ոստիկանական միջամտութիւններու անհրաժեշտութիւնով հանդերձ։

Վարձակալութեան գործարքին ենթագետինը պատրաստած էր՝ Սուրբ Աթոռի նախկին կալւածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան, որ Պատրիարքին կողմէ կարգալոյծ հռչակուելով վտարուած էր վանքէն։ Յամենայնդէպս, քաջատեղեակ շրջանակները համոզուած են, թէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը միայն կարգալոյծ հոգեւորականով սահմանափակուած չէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023