ՖԻՏԱՆ ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները քննարկումներու օրակարգին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդած չեն։ Հարկ է նշել, որ Հաքան Ֆիտան վերջին անգամ հոկտեմբերի 10-ին այցելած էր Ատրպէյճան, ուր մասնակցած էր Չմիաւորման շարժման համակարգող խորհուրդի նախարարներու նիստին։

Միւս կողմէ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրն ալ երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Ան նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Եաշար Կիւլէր յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան հարեւաններուն հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ։ Իր խօսքով՝ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի։ «Հայաստան նոյնպէս պէտք է գործէ այդ գիտակցութեամբ», ըսաւ նախարարը։

Ֆիտանի այցելութեան ընդառաջ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կեանքի կոչուեցաւ՝ գերիներու փոխանակման ուղղեալ վերջին համաձայնութիւնը։ Ատրպէյճան 32 գերեվարուած հայ զինուոր վերադարձուց, իսկ Հայաստան՝ 2 գերեվարուած ատրպէյճանցի զինուոր։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ ողջունեց այս իրադարձութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր նշեց, որ կը շարունակեն խաղաղութեան ուղղութեամբ աշխատիլ Պաքուի եւ Երեւանի հետ։ «Մենք կը խրախուսենք այդ քայլը։ Մենք քննարկումներ կը կատարենք երկու կառավարութիւններուն հետ։ Ուաշինկթըն կը շարունակէ հաւատալ, թէ խաղաղութիւնը հնարաւոր է եւ երկու կողմերն ալ կը ձգտին անոր», ըսաւ բանբերը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023