COP28-Ի ԱՒԱՐՏԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄ՝ ՀԱՆԱԾՈՅ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՍՊԱՌՈՒՄԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 28-րդ համաժողովի (COP28) աւարտին՝ գրեթէ 200 երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի սկսի հանածոյ վառելանիւթի համաշխարհային սպառման նուազեցումը՝ կլիմայի փոփոխութիւնը կանխելու համար։ Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սա նման առաջին համաձայնագիրն է, որով պէտք է վերջ գտնէ «նաւթի դարաշրջանը»։

COP28-ի մասնակիցները Տուպայի մէջ համաձայնութիւն կնքեցին՝ երկու շաբաթ տեւած դժուարին բանակցութիւններէն վերջ։ Սուլթան Ահմէտ ալ Ճապէր, որ COP28-ին նախագահեց, համաձայնագիրը որակեց պատմական՝ աւելցնելով, սակայն, որ իսկական յաջողութիւնը պիտի ըլլայ անոր իրագործումը։

Սա կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի առաջին փաստաթուղթը, որով կոչ կ՚ուղղուի «հեռանալ» հանածոյ վառելանիւթէն՝ հակառակ անոր, որ փաստաթուղթին մէջ չէ օգտագործուած «փուլ առ փուլ հրաժարիլ» արտայայտութիւնը։ Աւելի քան հարիւր երկիրներ կոչ ուղղեցին համաձայնագրին մէջ, որպէսզի աւելի կոշտ դիրքորոշում ցուցաբերուի նաւթի, կազի, ածուխի օգտագործումէն հրաժարելու նպատակով։ Յամենայնդէպս, նաւթ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւնը՝ OPEC դէմ արտայայտուած է այս համաձայնութեան։

Տուպայի մէջ ընդունուած փաստաթուղթով կոչ ուղղուած է «հեռանալ ուժանիւթի համակարգերու մէջ հանածոյ վառելիքի օգտագործումէն արդար, կանոնաւոր եւ արդարացի ձեւով, որպէսզի մինչեւ 2050 թուականը հնարաւոր ըլլայ հասնիլ զերոյի՝ գիտութեան հետ համաքայլ»։ Բաց աստի, կոչ ուղղուած է մինչեւ 2030 թուականը եռապատկել վերականգնուող ուժանիւթի կարողութիւնները։

Համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ երկիրները պատասխանատու են այդ մէկը իրականացնել իրենց ազգային քաղաքականութեան եւ ներդրումներուն միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023