ՉԱՐԼԶ ՔՈՒՓՉԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէն եւ Նախագահ Պարաք Օպամայի գլխաւոր օգնական Չարլզ Քափչան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը այս շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը Եդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւններու զարգացման նկատմամբ, բարձր կը գնահատէ հայ-ամերիկեան բարեկամական ներկայ գործընկերութիւնը, նաեւ անոր առաւել զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող համատեղ քայլերը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ իր հերթին Քափչան նշեց. «Ուրախ եմ այս հնարաւորութեան համար՝ քննարկելու մեր երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ամուր ու բազմակողմանի կապերու առաւել ամրապնդման ուղիները, ինչ որ թոյլ պիտի տայ հասնելու մեր ընդհանուր նպատակին, որն է՝ ազատ, բարեկեցիկ եւ անվտանգ Հայաստանը, որ խաղաղ կը գոյակցի իր հարեւաններուն հետ»։
Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ամերիկեան օրակարգի բազմաթիւ հարցերուն, կարծիքներ փոխանակեցին հրատապ միջազգային խնդիրներուն շուրջ։
Նալպանտեան եւ Քափչան գոհունակութեամբ նշեցին, որ 2015 թուականը բաւական աշխոյժ տարի մը եղած է՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն։ Ուժի մէջ մտած է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ վիզաներու դիւրացման ուղղեալ համաձայնութիւնը, անցեալ տարի Մայիսին ստորագրուած է Հայաստան-ԱՄՆ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրը, որու հիման վրայ ստեղծուած Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդի անդրանիկ նիստը տեղի ունեցած է անցեալ Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ։ Գումարուած է նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովին նիստը։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղիներու, խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Չարլզ Քափչան անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին։ Նալպանտեան ընդգծեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ համատեղ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ։
Չարլզ Քուփչան երէկ օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Ողջունելով հիւրը՝ Սարգսեան բարձր գնահատեց երկկողմանի բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք պետական յարաբերութիւններուն վրայ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Քուփչանի այցը եւս իր նպաստը պիտի բերէ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման։ Սերժ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մշտապէս ունեցած են զարգացում։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմին՝ Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուող օժանդակութեան համար, որու շնորհիւ եղած են ձեռքբերումներ զանազան ոլորտներէ ներս։ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց Հայաստանի տնտեսական զարգացման, բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման համար ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման ուղղեալ ԱՄՆ-ի կառավարութեան շարունակական ջանքերը։
Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան, Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, խաղաղապահ առաքելութիւններուն Հայաստանի կողմէ բերուած մասնակցութեան, միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, տարածքաշրջանէ ներս առկայ իրավիճակին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացին, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ շարք մը հարցերու։
Չարլզ Քուփչան նշեց, որ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի յանձնառութիւնը աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները։ Ան գոհունակութեամբ փաստեց, որ Հայաստան այդ առումով պատրաստակամ է նպաստել ՆԱԹՕ-ի միջազգային եւ բազմակողմանի ձեւաչափով այլ կազմակերպութիւններու ջանքերուն։