ԱԼԻԵՒԷՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւնները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ որակուեցան լրջագոյն հարուած խաղաղութեան գործընթացին։

Ալիեւ հեռատեսիլային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ անարդար քայլեր չէ առած։ «Ջերմուկը մեր քաղաքն էր», ըսաւ նոյն հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւ։ Բաց աստի, ան նշեց, որ եթէ Զանգեզուրի միջանցքը չբացուի, ապա Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը որեւէ կէտէն չի բացուիր։ Իր խօսքերը եւ Փաշինեանի արձագանգը ստեղծած են լայն արձագանգ։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024