ԱՆԵՐԵՐ ԿԱՄՔՈՎ
Հիւսիսային Իրաքի մէջ 9 զինուորի նահատակման պատճառ դարձած դէպքին արձագանգները կը շարունակուին։ Ամբողջ երկիրը կը սգայ զինուորներուն կորուստը՝ մինչ նահատակներու յուղարկաւորութիւնը սրտաճմլիկ մթնոլորտի մէջ կ՚անցնի։ ՓՔՔ-ական ահաբեկիչներու կողմէ նահատակուած զինուորներու մեծամասնութեան յուղարկաւորութիւնը արդէն շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ իւրաքանչիւրի ծննդավայրին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կապի մէջ է նահատակներու ծնողներուն հետ։
Սուգի եւ ցասումի մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին, նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան օրակարգով բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը։ Իսթանպուլի մէջ, Տոլմապահչէի նախագահական գրասենեակի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ անվտանգութեան օրակարգով բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը։ Ժողովին մասնակցեցան՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաք, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։
Ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, ուր շեշտուեցաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ռազմավարութիւնները արժեւորուած են՝ որպէս ամբողջականութիւն։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անսասանութեան ուղղեալ սպառնալիքները՝ իրենց ակունքին մէջ խոչընդոտելու եւ ոչնչացնելու ուղղեալ ռազմավարութեան շրջանակին մէջ վճռակամութեամբ յառաջ պիտի տարուի՝ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ՔՃՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ անոնց աջակիցներուն դէմ պայքարը։ «Վճռած ենք յուսախաբութեան մատնել բոլոր անոնք, որոնք ծուղակ կը լարեն Թուրքիոյ դարու մեր նպատակին իրագործումը արգիլելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ահաբեկչական կազմակերպութեան յարձակումներէն վերջ, զանազան երկիրներու ղեկավարներ հեռախօսազրոյցներով ցաւակցութիւն յայտնած են նախագահ Էրտողանին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի աղբիւրներն ալ շաբաթավերջին տեղեկութիւններ հրապարակեցին Հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական լծակներու դէմ առնուած ազդու քայլերուն շուրջ։
Միւս կողմէ, Ազգային մեծ ժողովն ալ վաղը յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ ահաբեկչութեան օրակարգով։ Հաքան Ֆիտան եւ Եաշար Կիւլէր երեսփոխանները պիտի իրազեկեն ահաբեկչական յարձակումներու մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Կը նախատեսուի, որ ժողովէն վերջ հրապարակուի համատեղ յայտարարութիւն մը։