ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ
Եթէ քաղաքական հռետորաբանութեան հնարքները մէկ կողմ թողենք եւ անդրադառնանք Իլհամ Ալիեւի ելոյթի վերջին իմաստին, ապա այդ մէկը կարելի է ձեւակերպել երեք կերպով.
1- Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ բաց սահման ունենալու ցանկութիւն չունին, իսկ «Զանգեզուրի միջանցքը» պէտք է ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութենէն դուրս։
2- Ատրպէյճան չի պատրաստուիր դուրս գալ Հայաստանի՝ իր գրաւած տարածքէն (200 քառակուսի քիլօմեթր)՝ մշտապէս սպառնալով մեր բնակավայրերուն։
3- «Խաղաղութեան պայմանագրի» երաշխաւորներ պէտք չեն, ինչ որ Ատրպէյճանին հնարաւորութիւն պիտի տայ որեւէ պահ պատերազմը վերսկսելու։
Այսպէսով, Ալիեւ անգամ մը եւս հնչեցուցած է հայկական պետականութիւնը ոչնչացնելու ծրագիրը, զոր կը նախատեսէ իրականացնել ուժային եւ քաղաքական մեթոտներու զուգորդմամբ։
Ի՞նչ կը հակադրէ այս բանին Հայաստանի իշխանութիւնը՝ «խաղաղութեան դարաշրջան», «խաղաղութեան օրակարգ», «Խաղաղութեան խաչմերուկ»։ Պարզ է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարի լկտիութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է Հայաստանի վարչապետի կամազրկութեան հետ։ (Իրօք որ, հօ զուգարանի ցնցուող չէ՛, որ անհրաժեշտ ըլլայ կամային յատկութիւններ դրսեւորել)։
Ամենասարսափելին այն է, որ պետականութեան կորուստին հետ հաշտուիլը հասարակութեան պատուէրի արտացոլումն է։ Հայաստանի քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը ցաւ, ամօթ, նուաստացում չի զգար պարտութեան կապակցութեամբ։ Ներկայ վարչապետը այդ մեծամասնութեան առաջնորդն է։
…Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան վերջերս կարծիք յայտնեց, թէ Քրեմլինի մէջ կայ Հայաստան պետութիւնը կազմաքանդելու ծրագիր մը։ Կը կարծեմ, թէ ան իրաւացի է։ Ճիշդ է նաեւ, որ այդ ծրագիրը (որու «խօսնակը», ինչպէս անգամ մը եւս համոզուեցանք, Իլհամ Ալիեւն է) կ՚իրականացուի Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ ջանքերով։ Միակ բանը, որ անոնք պէտք է աւելցնեն, այն է, որ այդ նոյն ծրագրի Հայաստանի «կառավարիչն է» Նիկոլ Փաշինեանը՝ իր խումբով։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի