ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԸ
Ֆէնէրի յունաց լիսէին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մեր Եւրոպան» միութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, որու նպատակն էր Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական շէնքի այժմու կացութեան դիտարկումը։ Ամբողջ Եւրոպայի մէջ վտանգի ենթակայ, մշակութային ժառանգութեան բնոյթով շէնքերու 7 ցուցակներուն վրայ ալ տեղ գտած է երբեմնի որբանոցը, որու վերանորոգութեան ծրագիրը յառաջ կը տարուի մասնակցութեամբ զանազան ազդու համաեւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ։
Երեք փուլով ծաւալուեցան քննարկումներն ու այս փուլի դիտարկման արդիւնքները։ Հաւաքոյթը հովանաւորեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Քոնստանդինոս Քութրաս։ Մասնակիցներու շարքին էին՝ սոյն նախագիծին ներգրաւուած հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, Եւրոպայի Ներդրումներու դրամատան վարիչները, ճարտարապետներ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Հարկ է նշել, որ վերանորոգման ծրագիրը կը համակարգուի յոյն համայնքէն Լաքի Վինկասի կողմէ։
Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը մասնակիցներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ երեք ասուլիսի ձեւաչափին մէջ, տեղի ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխան։