ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Տաւոսի մէջ մասնակցեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներու հանդիպման, որ չորրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Այս հաւաքի շրջանակներէն ներս Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները եւ անոնց օրակարգը աւելի ընդլայնելու վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման որոնումներուն շուրջ։
Բաց աստի, Արմէն Գրիգորեան Տաւոսի մէջ մէկտեղուեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդական Սայմըն Մորտիուի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի դիւանագիտական խորհրդական Ֆերնանտօ Կիմարաէսի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եէնս Փլէօթների հետ։
Այս հանդիպումներուն ընթացքին ալ շօշափուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերը։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Պրիւքսէլի կողմէ Երեւանի ի նպաստ օժանդակութեան օրակարգը, որ ուղղուած է աջակցելու Հայաստանի անկախութեան, անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովրդավարութեան։ Արմէն Գրիգորեան զրուցակիցներուն ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու եւ տարածաշրջանային իրադրութեան թարմ տուեալները։