ԵՐԵՔ ՀՈԳԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՏԵՄԻՐՃԻԻ ԳՈՐԾՈՎ
Էլմատաղի բնակարանին մէջ սահմռկեցուցիչ յարձակման ենթարկուած Տեմիրճի ընտանիքի դէպքին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ծանօթ է, որ կազմակերպեալ կողոպուտի մը հետեւանքով մահացած էր Յակոբ Տեմիրճի, իսկ իր կողակիցը՝ Սեդա Այտա Տեմիրճի վիրաւորուած։
Այս դէպքին շրջագծով արդէն դատարան ուղարկուած է տասնհինգ կասկածեալ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երեք հոգի ձերբակալուած է։ Տասներկու հոգին ազատ արձակուած է՝ վերահսկողութեան տակ մնալու պայմանով։
Հարկ է նշել, որ տասնհինգ կասկածեալներուն տասներկուքը կանայք են։
Հայաստանի լրատուամիջոցներն ալ կ՚անդրադառնան վերջին իրադարձութիւններուն։ Ծանօթ է, որ կասկածեալներուն կարեւոր մէկ մասը Հայաստանի քաղաքացի է, հետեւաբար հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութեան։ Կը մատնանշուի, որ երեք ձերբակալեալները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են։ Անոնք կը կոչուին Արթուր Ա., Արամ Է. եւ Սէրկէյ Բ.։
Ներկայ պայմաններով բոլոր մանրամասնութիւնները յստակացած չեն Յակոբ Տեմիրճիի մահուան դրդապատճառներուն շուրջ։ Կը մատնանշուի, որ յստակ պատճառը կարելի պիտի ըլլայ գիտնալ դատաբժշկական քննութենէն վերջ, իսկ այդ գործընթացը կրնայ տեւել շուրջ մէկուկէս ամիս։