Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ
Իսթանպուլի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Աթագիւղի «Պարութհանէ» համալիրէն ներս համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Սիրելիներու օրուան առթիւ։ Այս առթիւ «Mane Made & Yaman» խումբը հանդէս եկաւ համերգով մը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Այս խումբին մաս կը կազմեն խումբ մը երիտասարդ արուեստագէտներ՝ Մանէ Մարա Մատէն (մեներգչուհի), Արթուն Արծիւեան, Եաման Իմէր, Նայիրի Գալայլը, Նայեատ Գալայլը եւ Էմրէ Էօղիւթ։ Խումբը արժանացաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024